Պոլիս
Գերապայծառ Լուիճի Փատովեզէի սպաննութենէն ետք Թուրքիոյ եպիսկոպոսական դասը, 16 սեպտեմբեր 2010-ին, ընտրեց` Գերապայծառ Րուճճէրո Ֆրանչէսգինին որպէս Թուրքիոյ եպիսկոպոսական դասի նոր նախագահ եւ Գերապայծառ հայր Գէորգ եպիսկոպոս Խազումեանը` Թուրքիոյ Քարիդասի նախագահ։ Նշենք, որ Գերապայծառ Խազումեանը անդամ է Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան եւ փոխանորդ Պոլսոյ թեմի հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսին: Առիթէն կ̓օգտուինք կայքէջիս անձնակազմին անունով եւ շնորհաւորութիւններ կը ներկայացնենք անոր։