Պէյրութ
Երկուշաբթի, 14 մայիս 2012-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ արհիապատիւ գերապայծառ տէր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանին հետ:
Այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ գերապայծառը տեղեակ պահելու ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մասին եւ զայն հրաւիրելու ներկայ գտնուելու 27 մայիս 2012-ին տեղի ունենալիք Մայիսեան փառատօնին:
Գերապայծառ տէրը բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը` յարատեւ վերելք մաղթելով միութեան, հաստատելով թէ անպայման ներկայ պիտի գտնուի Մայիսեան փառատօնին: