Կիրակի, 1 Մայիս 2011 - Ապրիլեան Նահատակներու 96-ամեակի ոգեկոչում Հռոմի մէջ


Հռոմ

Հռոմի մէջ, Յիսուսի սուրբ Յարութեան ու Ապրիլեան Նահատակաց տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ ժամը 11-ին՝  սուրբ Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, հայածէս ձայնաւոր սուրբ Պատարագով, զոր մատոյց գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վրդ. Նորատունկեան՝ մեծաւոր Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանին: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու եւ Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորաց երգչախումբը։ Ներկայ էր Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհին՝ մայր Եւտոքսիա Քէշիշեան եւ միաբանակից քոյրերը, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մօտ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Ռուբէն Կարապետեան եւ կողակիցը ու նաեւ դեսպանատան ամբողջ անձնակազմը, Հռոմի հայ համայնքի Խորհուրդի եւ «Զարթօնք» տիկնանց յանձնախումբի անդամները եւ հայ ու իտալացի հոծ բազմութիւն մը։
Այս առթիւ պատարգիչ վարդապետը իր քարոզին մէջ խօսելով Յիսուսի Յարութեան խորհուրդին մասին շեշտը դրաւ նաեւ հայ նահատակներու Յարութեան վրայ վեր առնելով մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն զոհաբերումը...
Պատարագէն ետք ներկաները թափօրով ուղղուեցան սուրբ Նիկողայոս հրապարակը, ուր նահատակաց նուիրուած Խաչքարին ու յուշաքարին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնը, որմէ ետք գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. Վրդ. Նորատունկեան անդրադարձաւ հայ նահատակներուն մեզի փոխանցած պատգամին: Ապա խօսեցաւ նաեւ Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Ռուբէն Կարապետեանը:

Նշենք, թէ միշտ Հռոմի մէջ,  եւ Ապրիլեան նահատակներուն 96-ամեակին առիթով 20 ապրիլին «Իտալիա-Հայաստան» խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սանտրա Զամբա Իտալիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու տան եւ ծերակոյտին մէջ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան` առաջարկելով, որ «Ապրիլ 24-ը հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր յայտարարուի Իտալիոյ մէջ»: Նիստին նախագահող ծերակոյտի նախագահ Վ. Քիթի նշեց, որ «այս հարցին գծով լռութիւնը անթոյլատրելի է եւ հայերուն ապրած ողբերգութեան յիշատակումը կարեւոր է ապագային նման բանի մը կրկնութեան առաջքը առնելու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումը չթոյլատրելու համար»:
Ի դէպ, 19 ապրիլին՝ հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին առիթով Իտալիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու տան «Ռեֆեթթորիօ» պատմական սրահին մէջ (Հռոմ) տեղի ունեցաւ 1913-1916 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի «Օրագիր» գիրքին շնորհահանդէսը, որ առաջին անգամ ըլլալով թարգմանուած եւ հրատարակուած է իտալերէնով:
Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Թուրքիոյ համար, որովհետեւ վերջինս իր սեփական պատմութեան հետ հաշտուելու անկարող ըլլալով` կը փորձէ զայն խեղաթիւրել ու հերքել: Խօսք առին նաեւ դասախօսներ փրոֆ. Մարչելլօ Ֆլորես եւ դոկտ. Ֆրանչեսքօ Պերտի:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ