Հալէպ
Հալէպի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանէն տեղեկացանք, որ հալէպահայութեան սահմանուած օժանդակութեան շրջագիծէն ներս, նպաստաբաշխումի աշխատանքները կ'ընթանան իր բոլոր ժողովրդապետութիւններուն մէջ, շնորհիւ միութիւններուն եւ տեղւոյն քանանաներու ճիգերուն: Այս աշխատանքներու շարքին կան գաղթականներու ընդունելութիւնն ու հոգատարութիւնը զանազան կեդրոններու մէջ (Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի, Սուրբ Խաչ եկեղեցի, եւն), ինչպէս նաեւ կրթական եւ մարդասիրական ձեռնարկներ:
Քաղաքի տագնապալի ներկայ պայմաններուն մէջ, բնակչութեան օժանդակութեան ծրագիրները կ'իրագործուին Միջազգային Կարմիր Խաչի, Սուրիական Կարմիր Մահիկի, Կաթողիկէ «Քարիդաս» բարեգործական միութեան եւ զանազան բարերարներու աջակցութեամբ: