Զալքա, Լիբանան
Հայ ժողովուրդը ամէն տարի Ապրիլ 24-ին միասնակամ շարքերով կը նշէ բարբարոս թուրքերուն կողմէ ի գործ դրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Հսկումներու, եկեղեցական պատարագներու, հոգեհանգստեան պաշտօններու եւ միութենական ձեռնարկներու կողքին դպրոցները անմասն չեն մնար այս ոգեկոչումներէն: Առ այդ, ուրբաթ, 20 ապրիլ 2012-ի ատենամարզանքի պահուն, Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը հանդիսութեամբ մը յիշատակեց Ապրիլեան զոհերը, յարգանքի իր տուրքը մատուցելով մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ 11-րդ դասարանի աշակերտ Նարեկ Ճենանեան, որ ի մասնաւորի շեշտը դրաւ այն իրականութեան վրայ, թէ «հակառակ ծրագրուած Ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդը կրցաւ պահել իր գոյութիւնը, իր լեզուն եւ մշակոյթը, եւ պահանջատէր դարձաւ ապացուցելով, որ Հայկական Հարցը գոյութիւն ունի»:
Օրուան պատգամախօսն էր հիւրաբար դպրոց այցելող Քամիշլիի ընդհանուր փոխանորդ գերյարգելի հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Այվազեան, որ մղեց բոլոր հայերը եւ մասնաւորաբար նոր սերունդը՝ «չմոռնալ եւ մեր յիշողութեան մէջ վառ պահել Մեծ Եղեռնի յիշատակը, ապա թէ ոչ սկիզբ կ’առնէ սպիտակ եղեռնը»: Վարդապետը օրինակ բերաւ լոյս եւ հաւատք քարոզող երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը, որուն «մարտիրոսութիւնը ապացոյց է մեր ժողովուրդի քաջութեան, վստահեցնելով, որ անհաւատալի է հայը անասունի տեղ դրած թուրքին գազանային եւ անասնային բնազդը»:
Պատգամաբերը ըսաւ, թէ «հայոց նոր ջարդը արտագաղթն է եւ այն հայը, որ հայերէն կը խօսի, հայերէն կ’աղօթէ եւ իր զաւակը հայկական դպրոց կը ղրկէ, կ’ուշացնէ նոր սպիտակ ջարդը», որովհետեւ ըստ անոր, «օտար դպրոց յաճախելը թուրքին ուզածն է»: Ան շեշտեց, որ «Ապրիլ 24-ը միայն մէկ օր չէ, այլ կեանք մըն է, իրականութիւն մըն է, որուն փաստը տակաւին նոյնիսկ 97 տարիներ ետք կարելի է գտնել Տէր Զօրի անապատներու հողին տակ»: Վարդապետը կոչ ուղղեց չմոռնալ մեր պատմութիւնը, որովհետեւ «մոռցող հայը կորսուած հայ է, իսկ յիշողը ու յիշեցնողը՝ գոյատեւող»: «Քրիստոսին ու հայրենիքին համար հայ ժողովուրդին վճարած գինը շատ սուղ է, հետեւաբար իրար սիրել սորվելով եւ իրար ամբողջացնելով հայը կը վստահի իր ուժերուն եւ կը շարունակէ իր պահանջատիրութիւնը, որովհետեւ արդարութիւնը մենք ձեռքով կը խլենք եւ չենք կրնար զայն սպասել աշխարհէն», եզրակացուց հայր Այվազեան:
Իրարայաջորդ շարքով բեմ բարձրացան 9-րդ դասարանի աշակերտները □Ձօն□ ասմունքով եւ վարժարանիս երգչախումբը՝ «Զարթիր Որդեակ» երգով: 6-րդ դասարանը ընթերցեց մեր նահատակներուն կտակը եւ խմբային ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Պիտի Իյնաս» բանաստեղծութիւնը:
Հանդիսութեան վերջին բաժնով խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը, ուր նկարագրուած էր խաղաղ ու հանգիստ ապրող մեր ժողովուրդը, որ 20-րդ դարու սկիզբը կոտորուեցաւ ու տեղահան դարձաւ ենթարկուելով թուրքին անխնայ եաթաղանին: Պատկերը ցոյց կու տար հայ մտաւորական կարգը, բանուոր կարգը եւ կանայք, որոնք իրարու ետեւէ ջարդուեցան՝ յագեցնելով թուրքին անասնական ախորժակը: Այս պատկերին կ’ընկերակցէր նահատակ բանաստեղծ Սիամանթոյի «Խեղդամահ» բանաստեղծութեան ասմունքը, որ եկաւ աւելի փշաքաղելու ներկայացուած տեսարանով արդէն ազդուած ու յուզուած ներկաները:
Թատերական ներկայացումը կտրականապէս հատեց բոլորին շունչը, ոչ մէկ շշուկ կար սրահին մէջ: Բոլորը յուզումնախառն եւ վրէժի ու պահանջատիրութեան արդար զգացումներով կը հետեւէին ներկայացման, որուն աւարտին յարութիւն առած հայ ժողովուրդի նոր սերունդը բարձր ձայնով հպարտութիւն յայտնեց հայ ըլլալուն եւ ուխտեց հաստատ քայլերով շարունակել մեր պահանջատիրութեան երթը:
Յայտագրի աւարտին բեմ բարձրացաւ Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ազգաշունչ յայտագրի պատրաստութեան համար եւ մղեց աշակերտները՝ «երբեք չմոռնալու իրենց նահատակները եւ քաջութեամբ տէր կանգնելու մեր արդար իրաւունքներու պահանջին»: Ան նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին՝ ներկայ ըլլալու Եղեռնի ոգեկոչման նուիրուած պատարագներուն եւ հանդիսութիւններուն, յարգանքի տուրք մատուցանելու անոնց անթառամ յիշատակին:
Հուսկ Տիկ. Պոյաճեան բեմ հրաւիրեց գերյարգելի հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանը, որ փառք յայտնեց Աստուծոյ, որ «հակառակ 1.5 միլիոն մեր զոհերուն, հայ ժողովուրդը տակաւին գոյութիւն ունի, եւ մեր յաղթութեան լաւագոյն նշանը Հայաստանն է»: Ան ըսաւ, որ «եթէ մենք մոռնանք մեր ազգութիւնը, եկեղեցին ու դպրոցը, անիմաստ կ’ըլլայ մեր վերապրիլը», հետեւաբար ան իր խօսքը եզրափակեց մէկ խտացուած գաղափարով՝ արժէք տալու մեր արժանիքներուն եւ հարստութիւններուն:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ