Պէյրութ, Լիբանան
24 Մայիս 2008ին, ԱշրաՖիէի Հ.Կ.Մ. պատանեկանի ծնողական խորհուրդը կազմակերպած էր մայրերու օրուայ նուիրուած ձեռնարկ մը Անթիլիասի «My Moon» ճաշարանին մէջ:
Օրուայ բանախօսուհին ՝ տոքթորայ Սիլվա Քէօշկէրեան ըւաւ,« մայրութիւնը Աստուածային ամենեգեղեցիկ պարգեւն է կնոջ, որուն մէջ ամփոփուած է գեղեցիկը, առաքինին եւ ան անսպար սէրը:
Տիկին Անի Եփրեմեան հանդէս եկաւ հայ մայրերու նուիրուած քերթուածներու փունջով մը: Իսկ chef Զարմիկը ներկաներուն բացատրեց կանաչեղեններու եւ պտուղներու վրայ փորագրութեան արուեստը:
Ձեռնարկի աւարտին Հ.Կ.Մ. պատանեկանի ծնողական խորհուրդը Հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի եւ Հայր վարդան վրդ. Գազանճեանի ընկերակցութեամբ կտրեցին խորհուրդի 12 ամեակը յիշատակող կարկանդակը: