Պէյրութ
Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ, կիրակի 8 ապրիլ 2012-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը մատոյց հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեկեղեցւոյ մէջ եւ այս առթիւ փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Զատիկը, որ Յիսուսի յարութեան տօնն է, կը կոչուի նաեւ մեծ տօնը։ Ասոր համար, Ան տարուան ամենամեծ տօնն է եւ անոր շուրջ կը դառնայ ամբողջ ծիսական տոմարը։
Յիսուսի յարութիւնը այնքան կարեւոր է եւ էական մեր հաւատքին համար, որ սուրբ Պօղոս կ՚ըսէ. «Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ։ Եւ Եթէ Քրիստոս Յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը պարապ է, պարապ է նաեւ ձեր հաւատքը, եւ դուք տակաւին կը մնաք մեղքերուն մէջ։ ... Ինչպէս որ ամէնքը կը մեռնին Ադամի պատճառով, ամէնքն ալ պիտի վերապրին Քրիստոսով» (Ա. Կորն., 15, 13-22)։
Յիսուսի յարութիւնը կը լուսաւորէ մեր կեանքը, որովհետեւ ամէն մարդ աշխարհ եկած է Աստուծոյ սէրը վայելելու համար, եւ ոչ դժբախտ ըլլալու։ Յիսուսի Յարութեան նպատակն է մարդուն երջանկութիւնը։ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ես եկայ որպէսզի մարդիկ կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան» (Յովհ. 10,10)։ Առատութեամբ ապրիլ կը նշանակէ միշտ երջանիկ ապրիլ։ Ուստի Աստուած ստեղծած է մարդը, որպէսզի երջանիկ ապրի։
Սուրբ Պօղոս կը կոչէ երկրաւոր մահը՝ ննջում, որ կը նշանակէ քուն, այսինքն անցքի պահ մը։ Եւ ինչպէս որ մարդը քունէն վերջ կ՚արթննայ, նոյնպէս ալ, երկրաւոր մահէն ետք մարդը կ՚արթննայ յաւիտենական կեանքին։ Յաւիտենական կեանք կը նշանակէ Աստուծոյ տեսութիւնը վայելել հրեշտակներուն եւ սուրբերուն հետ, որոնցմէ առաջին տեղ կը գրաւէ՝ Աստուածամայրը, եւ որոնց միակ պաշտօնն է անընդհատ կերպով զԱստուած բարեբանել։
Սուրբ Թերեզա Յիսուս Մանկան կ՚ըսէ. Իսկական կեանքը մեր երկրաւոր կեանքը չէ, քանի անիկա վերջ կ՚առնէ մահով։ Իսկական կեանքը ան է որ չի վերջանար, այսինքն յաւիտեանս կը մնայ։ Ուստի մեր երկրաւոր կեանքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ պատրաստութիւն, շատ լուրջ եւ ամենօրեայ պատրաստութիւն յաւիտենական կեանքին հասնելու համար։ Ասոր համար, հաւատացեալը մահէն չի վախնար, այլ կը վախնայ յաւիտենական կեանքը կորսնցնելէ եւ կ՚աշխատի ապրելու միշտ Աստուծոյ շնորհքին մէջ, մեղքէն հեռու։
Սիրելիներ, մեզի համար, Յիսուսի յարութիւնը դէպք մը չէ որ անցեալին կը պատկանի, եւ որ տեղի ունեցաւ երկու հազար տարի առաջ եւ անցաւ։ Ո՛չ, մեզի համար Քրիստոսի յարութիւնը կը շարունակուի եւ միշտ այժմէական կը մնայ։
Քրիստոսի յարութեան աւետումը կը հիմնուի վկաներուն վրայ։ Այսպէս, առաքեալները պարապ տեսան Յիսուսին գերեզմանը եւ Յիսուս երեւցաւ իրենց, եւ այս լուրերը ամէնուն աւետեցին։ Քրիստոսի յարութիւնը, որպէսզի լոկ պատմական լուր մը չըլլայ, ան պէտք ունի վկաներու՝ ամէն դարուն մէջ եւ ամէն երկրին մէջ, վկաներ, որոնք յարուցեալ Քրիստոսի վրայ դնելով իրենց հաւատքը եւ յոյսը, յաջողեցան յաղթել չարին եւ մեղքին՝ իրենց բոլոր շուրջինները անխտրաբար սիրեցին, եւ յաջողեցան ներել բոլոր անոնց որոնք իրենց վնաս հասցուցած են։ Անոնք կրցան առաջին տեղը տալ Աստուծոյ՝ դրամէն, հաճոյքէն, հանգիստէն եւ նոյնիսկ պատիւէն առաջ։ Այս անցքը՝ դրամասիրութենէն դէպի դրամէն անչատումը, ոխ պահելէն դէպի ներումը, անձնասիրութենէն դէպի եղբայրասիրութիւնը, սուտ խօսելէն դէպի ճշմարտախօսութիւնը կարելի եղաւ։ Բայց մենք գիտենք որ որեւէ անձ մը չի կրնար այս կարեւոր անցքը կատարել իր անձնական ուժերով, այլ կարողութիւն կ՚ունենայ կատարել յարուցեալ Քրիստոսէ ոյժ առնելով։ Անձը, որ առաջ չէր կրնար իրագործել կարգ մը գործեր, ինչպէս փորձութիւններուն յաղթել, հիմա ուժը ունեցաւ եւ զանոնք կատարեց Աստուծոյ շնորհքով։ Հաւատացեալը այսպէս փորձառութիւնը ունեցաւ, որ կարելի է նման գործեր կատարել վստահելով Աստուծոյ վրայ, որովհետեւ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ։
Այս գործնական ապրուած հաւատքը պէտք է հաղորդենք մեր շրջանակին մէջ, որպէսզի ուղեկորոյս մարդիկ գիտնան, որ հաւատքը նոր ճամբաներ կը բանայ եւ թէ կարելի է դէպի աւելի լաւ փոխուիլ եւ երջանիկ ըլլալ։ Եթէ կը հասկնանք որ Քրիստոսի յարութիւնը անցք մը եղաւ մահէն դէպի կեանք, նոյնպէս ալ մենք՝ յարութեան փորձառութիւնը կ՚ունենանք ամէն անգամ որ կը յաջողինք Աստուծոյ վրայ վստահելով՝ չարին յաղթել, այսինքն անցնիլ եսասիրութենէն դէպի եղբայրասրութիւն, ստախօսութենէն դէպի ճշմարտախօսութիւն, ոխակալութենէն դէպի ներում, անձնական շահեր փնտռելէն դէպի ուրիշներուն կարիքները հոգալ, եւ ամէն բանէ աւելի՝ հպարտութենէն դէպի խոնարհութիւն։ Այսպէս, փորձառութիւնը կ՚ունենանք, որ Քրիստոսի յարութեամբ ընդունուած շնորհքները մեր կեանքին հետ կապ ունին եւ Զատկուայ տօնը՝ լոկ ընտանեկան կամ հասարակական հաճելի պահեր անցնելը չէ, առանց ոեւէ փոփոխութիւն կատարելու մեր կեանքին մէջ։ Ո՛չ, ասիկա չէ Քրիստոսի յարութեան տօնը։
Քրիստոնեային համար, ունակութեան, routine-ի տեղ չկայ։ Ամէն օր, նոր առիթ մըն է աւելի լաւ ապրելու, աւելի երջանիկ ըլլալու եւ աւելի ուրախութիւն սփռելու ուրիշներուն։ Ուստի, ամէն օր իր նախորդէն տարբեր է, որովհետեւ ամէն օր Յիսուս մեր կեանքին մէջ կը գործէ։ Այս է ապրուած հաւատքը հիմնուած Յիսուսի յարութեան արդիւնքներուն վրայ։ Այսպէս կրնանք Քրիստոսի յարութիւնը, որուն փորձառութիւնը կ՚ունենան, ուրիշներուն աւետել եւ անոր մասին վկայել, գործնական դէպքերով, եւ ոչ թէ տեսական խրատներով, որոնք համոզիչ չեն ըլլար։ Այսպէս, մեր կեանքը իմաստ կ՚ունենայ եւ մենք կը մասնակցինք, ուրիշներու հետ, Եկեղեցւոյ առաքելական գործին եւ կը զգանք, որ մենք մաս կը կազմենք Յիսուսի մեծ ընտանիքին, որ երթալով կը ճոխանայ եւ կը կազմէ Քրիստոսի ներկայութիւնը համայն աշխարհին վրայ։
Յարուցեալ Քրիստոսը միշտ մեզի հետ է, ինչպէս որ ինքը աւետեց առաքեալներուն, երբ անոնց ըսաւ. «Ահաւասիկ ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի կատարածը»։ Ուստի, բնաւ առանձին չենք։ Բանէ մը վախնալու պատճառ չունինք, որքան որ կը քալենք Յիսուսին ետեւէն եւ Անոր հետ, նոյնիսկ եթէ մեր առօրեայ կեանքին մէջ պահ մը ուրախութիւն կ՚ունենանք եւ պահ մը ցաւ, մեր երեսին վրայ՝ պահ մը ժպիտ կայ եւ պահ մը արցունք։ Այս է մարդկային կեանքը։
Քրիստոս յարութիւն առաւ։ Ան կենդանի է եւ մեզի հետ կ՚ընթանայ ու մեզ դէպի ապահով ճամբաները կ՚ուղղէ, որպէսզի երջանիկ ապրինք։ Այս բոլոր պատճառներուն համար կրնանք Ալէլուիա, ուրախ նշանը երգել եւ մեր յառաջացումը շարունակել, մեր աչքերը սեւեռելով երկինք, մեր յաւիտենական բնակարանը։
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս խօսքերով, բոլորիդ կը մաղթեմ արդիւնաւոր Զատկուայ տօն եւ ձեզի հետ կը հաստատեմ, որ Քրիստոս իսկապէս յարութիւն առաւ եւ յարեաւ նաեւ մեր կեանքին մէջ։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց - Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի. Ամէն