Աղեքսանդրիա
Կիրակի 2 Յունուար 2011-ին, Գահիրէի Աւետման Տիրամօր նուիրուած կաթողիկէ հայոց աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ արհի. Գրիգոր եպս. Գուսան Աղեքսանդրիոյ առաջնորդը սուրբ Պատարագ մատոյց Աղեքսանդրիոյ Ամենայն Սրբոց նուիրուած եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակումի զոհերուն համար։ Այս առթիւ, սրբազանը դատապարտեց ոճրագործական անմարդկային արարքը, նոր տարուայ առաջին վայրկեաններուն, մինչ հաւատացեալները եկեղեցւոյ մէջ աղօթքով կը դիմաւորէին նոր տարին։
Իր քարոզին մէջ հայ կաթողիկէ առաջնորդը ըսաւ. «այս խաղաղութեան օրուան առթիւ մեր սրտերէն ու իւրաքանչիւր մարդու սրտէն թող բարձրանան ջերմ առօթքներ բռնութեան բոլոր զոհերուն հոգիներուն համար, նաեւ թող Տէրը մխիթարէ անոնց ընտանեկան պարագաները. աղօթենք նաեւ բոլոր անոնց համար որոնք տակաւին կը տառապին պատերազմի, ահաբեկչութեան ու հալածանքի պատճառով։
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ աղօթել, բոլոր անոնց համար որոնք կը նախատեն Աստուած, իրենց այս ահաւոր արարքներով, որպէսզի Տէրը իրենց պարգեւէ շնորհքը ճանչնալու ու հասկնալու՝ իրենց գործած սխալներուն վնասները, ու հեռանան ամէն տեսակի բռնութենէն, ապաշխարեն ու ներում խնդրեն Արարիչէն»։
Այս տխուր առիթով Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդը ցաւակցական գիրեր յղեց Եգիպտոսի նախագահ՝ Հուսնի Մուպարաքին, Շնուտա Գ. պատրիարքին, եկեղեցական ինչքերու նախարար՝ տոքթ. Համտի Զաքզուքին, Աղեքսանդրիոյ քաղաքապետ Ատել Լապիպին, նոյնպէս իսլամներու Ալ Ազհար համալսարանի ընդհանուր տնօրէնին ու հանրապետութեան կրօնապետին, որոնց մէջ իր ցաւը կը յայտնէ այս տխուր դէպքին համար դատապարտելով ամէն արարք որ կը վնասէ մարդուն ու անոր արժանաւորութեան մաղթելով որ դադրին ամէն տեսակի բռնութիւններ։
Նշենք նաեւ, որ Գրիգոր եպս. Գուսա երկուշաբթի 3 Յունուարին այցելութիւն կատարեց Ղպտիներու Շնուտա Գ. Պատրիարքին, որուն ընթացքին ներկայացուց նաեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարք ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. ին ցաւակցութիւնները եւ հոգեւոր մօտիկութիւնը եւ զօրակցութիւնը Ղպտի եկեղեցւոյ, ահաբեկչական յարձակումի զոհերուն, վիրաւորեալներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։