Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2012 - Յոյն ուղղափառ Հազիմ պատրիարքի յուղարկաւորութիւնը Պէյրութի մէջ
Պէյրութ
Կիրակի 9 դեկտեմբեր 2012-ին, Պէյրութի «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յոյն ուղղափառ Եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ Հազիմ պատրիարքի յուղարկաւորութիւնը, մասնակցութեամբ Լիբանանի պետական եւ հոգեւոր բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, որոնց կողքին էր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը։
Յուղարկաւորութեան ընթացքին, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սլեյման պարգեւատրեց երջանկայիշատակ Հազիմ պատրիարքը պետական բարձր շքանշանով։ Այս առիթով նաեւ կարդացուեցան Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին եւ Ռուսիոյ ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քիրիլ պատրիարքին ցաւակցական ուղերձները։
Աւարտին, Հազիմ պատրիարքին մարմինը փոխադրուեցաւ Դամասկոս, ուր վաղը տեղի պիտի ունենայ թաղման կարգը։
|