Հինգշաբթի, 3 Մարտ 2011 - Վարդանանց տօնահանդէս Հ. Կ. Մ. «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ

 

Պուրճ Համմուտ

 

Չորեքշաբթի
, 2 մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնահանդէսը, հովանաւորութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, նախագահութեամբ Լիբանանի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի եւ կազմակերպութեամբ սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան միութիւններուն։

 

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Եղիկ Պետրոսեան, որ կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու Քրիստոսի Աւետարանին ու հայրենիքի սուրբ գաղափարին։

Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց այս առթիւ ասմունքներ, խմբային երգեր եւ մեներգութիւններ «Բլբուլ» երգչախումբի՝ ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի. ինչպէս նաեւ ընդգրկեց սրինգով նուագ, հայկական մենապար եւ խումբ մը մեսրոպեանցի աշակերտներ կիթառով ներկայացուցին երկու երաժշտութիւններ։     

 

Օրուան պատգամախօսն էր հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, որ յայտնեց, թէ Վարդանանց տօնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ անմոռանալի տօն մըն է, որ ցոյց կու տայ հայութեան ամբողջական նուիրումը Եկեղեցւոյ ու հայրենիքին նկատմամբ։ Հայր Սեպուհ ըսաւ, որ միայն պէտք չէ պարծենալ անցեալով, այլ պէտք է ներկան ապրիլ՝ հետեւելով Վարդանի ուղիին։ Ան յայտնեց, որ այսօր հայկական քրիստոնէական ինքնութիւնը վտանգուած է ու արժէքները կը կորսուին, եւ եթէ 451-ին մէկ Յազկերտ կար, ապա այսօր յազկերտները բազմացած են։

 

Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան ըսաւ, որ ինքնութեան նկատմամբ հաւատարմութեամբ եւ հոգեւորական-աշխարհական համագործակցութեամբ կարելի է յաղթահարել բոլոր տեսակի դժուարութիւնները։ Ան աւելցուց, որ եթէ այսօր արաբական պետութիւնները կ՚ուզեն մոռնալ իրենց մշակոյթը եւ պատմութիւնը, ապա մենք պէտք չէ մոռնանք՝ հետեւելով «թրքական վարժարաններ»ու հոսանքին։ Աւարտին հայր Սեպուհ երիտասարդներուն ուղղելով իր խօսքը նշեց, որ անոնք պէտք է տէր կանգնին հայութեան ինքնութեան ու Վարդանանց ուխտին։

 

Վարդանանց հանդիսութիւնը փակուեցաւ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի հայրական պատգամով, որուն մէջ շեշտուեցաւ Վարդանանց արժէքը պահպանելու կարեւորութիւնը։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ