Լիբանան
Երեքշաբթի՝ 11 Մարտ 2008ին, Սայիտաթ Ժապալ համագումարներու կեդրոնին մէջ, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Քրիստոնէական ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ» համագումարին: Լիբանանի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն կողմէ կազմակերպուած յիշեալ համագումարին ներկայ եղան աւելի քան երկու հարիւր անձեր:
Համագումարին երկու գլխաւոր խօսողներն էին Սֆէյր պատրիարքը եւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապը նոյնպէս իր պատգամը ղրկած էր: Համագումարին կը մասնակցին Օգնական Եպիսկոպոս Պատրիարքական Թեմի՝ Արհի.Տէր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանը, ինչպէս նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի ներկայացուցիչները՝ Տիկ. Զուարթ Նաճարեանը եւ Պր. Անթուն Եունանը: