Լիբանան
Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2009-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ «Լիբանանի Սկաուտներու Միութեան»
կէդրոնէն ներս, Պուրճ Համմուտ, «Հայոց Մեծ Եղեռնի» 94-րդ ամեակի ոգեկոչման նուիրուած գծագրութիւններու ցուցահանդէս մը, կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Սկաուտախումբի խմբապետական կազմին:
Ցուցահանդէսին ընթացքին, ներկայացուեցան գծագրութիւններ եւ ձեռային աշխատանքներ պատրաստուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Սկաուտախումբի անդամներու կողմէ այս առիթով, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցաւ «The Genocide In Me» վավերագրական ֆիլմը:»
Այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան աւելի քան 100 խմբապետներ եւ խմբապետուհիներ «Լիբանանի Սկաուտներու Միութեան» զանազան սկաուտախումբերէ Լիբանանի չորս կողմերէն: Ձեռնարկին նպատակներն էին ծանօթացնել «ոչ հայ» երիտասարդներուն Ապրիլ 24-ի նշանակութիւնը եւ հայոց ցեղասպանութեան իրականութիւնը եւ վերակենդանացնել սկաուտներուն մէջ հայ դատի պահանջատիրական ոգին եւ ազգային հպարտութեան իսկական զգացումները: