Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2012 - Զեկոյց Զմմառու Մատենադարանի մասին հայկական գրադարաններու միջազգային Բ. hամաժողովին


Երեւան

Շաբաթ, 6 հոկտեմբերին, «Անցեալի պահպանութիւն` յանուն ապագայի» խորագրով հայկական գրադարաններու միջազգային Բ. համաժողովի երկրորդ օրը, քննարկումներուն խօսք առաւ Զմմառու Տիրամօր վանքի գրադարանապետ՝ հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեան, որ հետեւեալ զեկոյցը տուաւ Զմմառու վանքի Մատենադարանին մասին:

«Լիբանանի Զմմառու Փոխեալ Սրբոյ Կուսի վանքը կառուցուած է Պէյրութէն ոչ շատ հեռու ծովահայեաց բլուրի մը վրայ 1749-ին, առաջին հայ կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարքի՝ Աբրահամ Պետրոս Ա. Արծիւեանի կողմէ որպէս հայ կաթողիկէ Աթոռ, ունենալով կաթողիկոսական միաբանութիւն մը կուսակրօն վարդապետներու, որոնք կ'առաքուին կաթողիկոսին կողմէ աշխարհասփիւռ հայ կաթողիկէ համայնքներուն հոգեւոր ծառայութեան համար: Վանքը ունի նաեւ դպրեվանք մը ուր ապագայ սերունդը կը պատրաստուի անդամակցելու այս կաթողիկոսական միաբանութեան:

Ինչպէս գիտենք, որ ըստ աւանդութեան, կաթողիկոսական Աթոռը կ'ունենայ գանձարան եւ մատենադարան: Գանձարանը կը պարունակէ հնագիտական, դրամագիտական եւ 17-րդ եւ 18-րդ դարերու եկեղեցական գանձեր:

Մատենադարանը ունի 16-րդ դարէն 4 հնատիպներ, 17-րդ դարէն 75 հնատիպներ եւ 18-րդ դարէն 250 հնատիպներ: Նաեւ Ուրբաթագիրքի հարազատ օրինակ մը:

Շատ հետաքրքրական է՝ գիրքերու սկիզբը կամ վերջը գրուած յիշատակարանները, ուր կը կարդանք թէ մեր միաբանները ինչպիսի զոհողութիւններով գտած են մանաւանդ 16-րդ կամ 17-րդ դարերու հնատիպները եւ գուրգուրանքով պահելէ ետք բերած ու նուիրած են վանքի մատենադարանին:

Զմմառու 2000 ձեռագիրներէն 682-ը, ցուցակագրուած ու հրատարակուած են Հայր Մեսրոպ Քէշիշեանի, Հայր Ներսէս Ակինեանի եւ Հայր Համազասպ Ոսկեանի կողմէ: Ամենայայտնիներն են Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք»-ը (1240 թ.), «Գիրք Թղթոց»-ի հնագոյն օրինակը (1298 թ.) Սարգիս Պիծակի Աւետարանը եւ մանաւանդ՝ հարուստ հաւաքածոյ մը Շարակնոցներու, Տաղարաններու եւ Բժշկարաններու, ըստ Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարանի նախկին տնօրէն Պրն. Լեւոն Խաչիկեանի: Բոլոր ձեռագիրները թուայնացուած են եւ պահուած խտասալիկներու DVD-ներու վրայ: Ձեռագիրները հերթաբար կ'ենթարկուին հականեխումի եւ նորոգութեան մասնագէտ պաշտօնեայի մը կողմէ եւ կը զետեղուին մասնաւոր տուփերու մէջ, ապա կը տեղադրուին ձեռագրատուն ուր ապահովուած է խոնաւութիւն քաշող եւ օդափոխիչ սարքեր, իսկ վերջերս alarm եւ camera: Ձեռագիրներու ուսումնասիրութեան համար պէտք է թոյլտուութիւն առնել վանքի Մեծաւորէն: Ընդհանրապէս տրամադրելի են թուայնացուած տարփերակները:

Վանքի գրադրանը օժտուած է բազմալեզու հին եւ նոր 60.000 գիրքերով: Առաջնահերդութիւն տրուած է հայերէն գիրքերուն, որոնք գլխաւոր մուտքի գրապահոցներուն մէջ զետեղուած են: Իսկ օտարալեզու գրականութիւնն ու մամուլը առանցին տեղ: Գիրքերը բաժնուած են պատմական, գրական, բանասիրական, ծիսական, երաժշտական, հոգեւոր և Ս.Գրային մասերու, ինչպէս նաեւ Զմմառու հոգեւոր ճեմարանի փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան նիւթերու վերաբերեալ դասագրքեր, գրաբար եւ աշխարհաբար: Թուաբանութեան, աշխարհագրութեան, պատմութեան, բարոյական եւ խրատաբանական հարուստ հաւագածոյ: Հնատիպ գիրքերը հարուստ են ժամագրքերով, Մաշտոցներով, խորհրդատետրերով, ճաշոցներով եւ Յայսմաւուրքներով: Ինչպէս նաեւ թուաբանութեան, աշխարհագրութեան, պատմութեան, երաժշտութեան, հոգեւոր-բարոյական գիրքերով:

Վանքի դիւանը կը կազմէ շուրջ 65.000 արխիւային բազմազան նիւթեր ու նամակներ: 165 տուփերու բաժնուած է Զմմառեան դիւանը իսկ 189 տուփերու Անտոնեան դիւանը: Յիշեցնենք, որ Հայ Անտոնեան միաբանութեան Ամենափրկիչ վանքը, հիմնուած Լիբանանի մէջ 1723-ին, մէկ ու կէս դար գոյատեւելէ ետք իր մատենադարանը, ձեռագիրներն ու արխիւները նուիրած է Զմմառու մայրավանքին: Ասոնք Կաթողիկոսներու նամակներն են, պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող, ինչպէս նաեւ Զմմառու վանքի մեծաւորներու դիւանը: Դիւանը ամբողջութեամբ թուայնացուած է եւ պահպանուած առանցին սենեակի մը մէջ ուր ապահովուած են խոնաւութիւնը վանող եւ օդափոխիչ սարքաւորումները:

Զմմառի մատենադարանի եւ գրադարանի ամբողջ գիրքերը մինջեւ 1960-ական թուական դասաւորուած եւ համարակալուած էին թղթէ պիտակներու համակարգով: Սակայն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն (1975-1991), վանքը դարձած էր ապաստան Լիբանանցի Քրիստոնեայ հասարակութեան: Գրադարանէն ներս դադրած էին աշխատանքներն ու այցելութիւնները ուր հետզհետէ տիրեց անկարգութիւն, լուրջ հսկողութեան չգոյութեան եւ պատասխանատու անձերու բացակայութեան պատճառով:

Այսօր բարեբախտաբար Զմմառու հայ վանքը թօթափելէ ետք իր վրայէն պատերազմի բոլոր հետքերը վերստին թափ տուաւ մշակոյթի կեանքին, որուն առաջնահերթ արգասիքը եղաւ մատենադարանի եւ գրադրանի նոր դասաւորումը «Dewey» միջազգային սիսթեմով, որու միջոցաւ Cathaloging կը կատարուի Մատենադարանի թէ՛ Ձեռագիր, թէ՛ հնատիպ եւ թէ՛ ժամանակակից գիրքերուն: Այսուհետեւ հնարաւոր պիտի ըլլայ գրադարանի որեւէ գիրք գտնել համացանցի վրայ, պարզապէս տուեալ նիւթի կամ հեղինակի, տեղի եւ վերնագրի գրանցումով:

Սկզբնական աշխատանքները սկսած են արդէն մասնագէտ պաշտօնեաներու կողմէ 5/6 ամիսէ ի վեր: Սակայն երբ գիրքերու cathaloging-ը իր աւարտին հասնի, համացանցի վրայ պիտի գտնենք Զմմառու Վանքի Մատենադարանի հայերէն եւ անգլերէն վերնագրով գրանցուած գիրքերը: Իսկ որպէս ապագայի ծրագիր ցանկալի է թուայնացնել կարեւորագոյն գիրքերու օրինակներ:

Նշելի է թէ այս տարի Ուրբաթագիրքի 500-ամեակի առիթով Զմմառու վանքը կանգնեց Յակոբ Մեղապարտի արձանը եւ զետեղեց զայն վանքի հրապարակին մէջ: Հռոմի Բենեդիկտոս 16-րդ Սրբազան Քահանայապետի այցելութիւնը Լիբանան յարմարագոյն առիթը եղաւ այս յուշարձանի բացումը կատարելու, որով Սրբազան Պապը բարեհաճեցաւ բացումը կատարել Զմմառու վանք իր այցելութեան առիթով 15 Սեպտեմբեր 2012-ին կէսօրուայ ժամը 2:00-ին:

Նշելի է նաեւ, որ այս տարուայ տօնակատարութիւններուն շրջագիծին մէջ պատմական դէպք մը պիտի հանդիսանայ Զմմառու վանքի Մշակոյթի նոր կեդրոնի բացումը, վանքի հնագոյն հիմնովին նորոգուած բաժնին մէջ, որուն առաջին պտուղը պիտի հանդիսանայ Զմմառու վանքի Ձեռագիր Մատեաններու եւ Հնատիպ Գիրքերու ցուցահանդէսը, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան եւ կազմակերպութեամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան, 3 Նոյեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին»:


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ