Պէյրութ
Կիրակի, 16 Նոյեմբեր 2014, ժամը 5։00-ին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան Հոգեւոր Տիրոջ այցելութիւն տուաւ «Կռունկ» երգչախումբը՝ 35 հոգիներէ կազմուած, խմբավար Դոկտ. Էտի Թորիկեանի գլխաւորութեամբ։ Հանդիպման ներկայ էին Գերապայծառ Հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան եւ «Կռունկ» երգչախումբի հոգեւոր վարիչ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան։
Հանդիպման սկիզբը Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան ներկայացուց օրուան այցելութեան նպատակը՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ գահակալութեան 15 ամեակը եւ անմիջապէս խօսքը տուաւ Դոկտ. Էտի Թորիքիանին:
Ան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ «Կռունկ»-ին նոր կայքին համար:
Հոգեւոր Տէրը ընդունելով հիւրերը ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ «Կռունկ» երգչախումբը, յատկապէս վերջին շրջանին անոր արձանագրած զարգացումին առիթով։ Պէտք է ըսել, որ այդ մէկը տեղի ունեցաւ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանին գործակցութեամբ: Ան՝ որպէս հոգեւոր վարիչ հոգուով, սրտով, համոզումով նուիրուած է այս գործին եւ ամբողջութեամբ կը համագործակցի Դոկտ. Էտի Թորիկեանին հետ։ Ասիկա անգամ մը եւս կը փաստէ, որ երբ կայ միութիւն, կայ նաեւ յառաջդիմութիւն»։
Շարունակելով իրխօսքը, Հոգեւոր Տէրը յիշեցուց երգչախումբի անդամներուն, որ շուտով Հռոմպիտի երթան եւ որ այդ այցելութեան առիթը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցն է: «Գիտէք, որ ամէն անգամէ աւելի հիմա է, որ աշխարհ կը տեղեկանայ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան։ Երէկ Լիբանանի պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու ժողովին մասնակցութեանս ժամանակ իտալացի Մոնսենիոր Եպիսկոպոս Վինչենցօ Փալիան խօսք առաւ եւ յատկապէս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ համայնքը, յիշեցնելով ներկայ ժողովականներուն, որ գալ տարի հայերը պիտի ոգեկոչեն Մեծ Եղեռնի 100-ամեակը։ Այնուհետեւ իր փակման խօսքին մէջ վերոյիշեալ եպիսկոպոսը խօսեցաւ Վանի մասին, նշելով թէ ինք Վան գացած է եւ արդէն իսկ շատ բան գիտէ հայութեան մասին, անոր անցած պատմական ուղիին մասին», ըսաւ Հոգեւոր Տէրը։
Ապա հոգեւոր տէրը խօսք տուաւ նաեւ Արհիապատիւ Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեանին, որ իր կարգին գնահատեց երգչախումբին յառաջդիմութիւնը:
Իր խօսքին մէջ Ան ներկաներուն պատմեց փոքր դիպուածի մը մասին, երբ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպումի մը ընթացքին մօտենալով հայկական պատուիրակութեան, ծագումով պոլսահայ անդամի մը հետ ծանօթանալով, այս վերջինը յիշեցուցած էր Սրբազան Քահանայապետին, թէ ինք ջարդէ ճողոպրած ծնողներու սերունդ էր, իսկ Սրբազան Քահանայապետը շշուկով արտասանած էր՝ «20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնն էր»։ Այս արտայայտութիւնը յաջորդ օրիսկ դարձած էր լրատուական միջոցներու սեփականութիւնը, եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Անգարայի մէջ, քովը կանչելով Վատիկանի Առաքելական Նուիրակը, անոր հարցուցած էր, թէ արդեօ՞ք Սրբազան Քահանայապետը ցանկութիւն ունի խզելու յարաբերութիւնները Թուրքիոյհետ։ Ասիկա կը փաստէ, թէ որքան կարեւոր է Սրբազան Քահանայապետին կողմէն արտասանուած իւրաքանչիւր խօսք աշխարհին համար։
«Կռունկ» երգչախումբը Հոգեւոր Տիրոջ մաղթեց քաջ առողջութիւն եւ երկար կեանք, եւ յատուկ անոր համար կատարեց 3 երգեր՝ «Հայրապետական Մաղթանք», «Հրաշափառ» եւ «Կեցո՛ զորդի»։ Վերջին երկու երգերը նոր ստեղծագործութիւններ էին Դոկտ. Էտի Թորիքեանին եւ յատուկ նուիրուեցան Հոգեւոր Տիրոջ։
Հոգեւոր Տէրը հանդիպման աւարտին անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելելութեան համար եւ յաջողութիւններ մաղթեց երգչախումբի անդամներուն իրենց յետագայ գործունէութեանց մէջ։