Զմմառ
Երեքշաբթի 16 յունուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Տիրամայր Զմմառու վանքի նորաբաց մշակութային կեդրոնն ու ձեռագիր եւ Հնատիպ մատեաններու ցուցահանդէսը այցելեցին Լիբանանի Ազգային Գրադարանի (այժմ վերանորոգման ընթացքի մէջ) տնօրէն՝ Պրն. Ժիրայր Խաչերեան եւ 20 պաշտօնէութիւն: Անոնք այցելեցին նաեւ վանքին թանգարանը, մատենադարանն ու գինեմառանը: Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ փոքրիկ հիւրասիրութիւն մը վանքիս դահլիճին մէջ: