Երեքշաբթի, 3 Ապրիլ 2007ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի մէջ մեծ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ «Յովհաննէս Ֆարաճեան» նորակառոյց աշակերտական լսարանին:
Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Տնօրէններու Խորհուրդի նախագահ՝ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան, Միացեալ Հայկական Հիմնադրամի Նախագահ Տիար Յարութ Սասունեան, «Ռ. Պօղոսեան եւ Որդիք» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Ալպեր Պօղոսեան, միջազգային եւ տեղա¬կան տարբեր բարեսիրական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան պետական, միութենական եւ եկեղեցական անձնաւորու¬թիւններ, Յովհաննէս Ֆարաճեանի ընտանիքի անդամներ, վարժարանի տեսչական կազմի անդամներ եւ բարեկամներ:
Հանդիսաւորութեամբ իջեցուեցաւ լսարանին մուտքին զետեղուած յուշատախտակը ծածկող քօղը, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստը:
Ան իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց վարժարանի բոլոր բարերարները, անոր զարգացման ծրագիրներու իրականացման մէջ ունեցած իրենց դերին համար, ապա ըսաւ, թէ «Աշակերտական այսպիսի լսարանի մը բացումը պիտի արտօնէ ոչ միայն մեր աշակերտութեան, այլեւ վարժարանիս բոլոր անդամներուն, հետեւելու եւ մասնակցելու օգտաշատ դասախօսութիւններու, ինչպէս նաեւ կազմակերպելու մտերմիկ հանդիպումներ: Մէկ խօսքով եթէ ըսելու ըլլանք, այս սրահը պիտի ծառայէ վարժարանի ներքին կեանքի աշխուժացման»:
Ապա պարոն տնօրէնը ներկաներուն տեղեկացուց, թէ «Քիչ վերջ մենք բոլորս միասնաբար պիտի ուղղուինք վարժարանի տանիքը կառուցուած նոր զբօսավայրը, որուն ստեղծմանը աջակցած են դարձեալ նոյն բարերարները»: Ան յիշեցուց, թէ ընթացքի մէջ է նաեւ երրորդ ծրագիրը մը՝ վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի գրադարանը, որուն հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Յունիս ամսուան ընթացքին:
Լսարանի անուանումին հետ կապուած բացատրութեան մէջ պարոն տնօրէնը կարեւորեց բարերար Յովհաննէս Ֆարաճեանին կենդանութեան օրօք հանդէպ Հայ Կաթողիկէ համայնքն ու Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանը նախեւառաջ, ինչպէս նաեւ մասնաւորապէս հանդէպ Մեսրոպեան վարժարանը ունեցած անմնացորդ նուիրուածութեամբ եւ վարժարանի զարգացումին ու առաջընթացին մէջ ունեցած մեծ դերով: «Անոր մատուցած ծառայութիւններուն դիմաց կը կարծենք որ տակաւին չնչինն է որ կÿընենք, սակայն այսպիսով կÿուզենք նաեւ յաւերժացնել Յովհաննէս Ֆարաճեան անունը, յատկապէս Պուրճ Համուտին մէջ, որ ան շատ կը սիրէր», ըսաւ Պր. Գալուստ: Ապա, շարունակելով ան ըսաւ, թէ կը շարունակուի նախորդ տնօրէններու սկսած մեծ ու սուրբ գործը, ձգտելով «վարժարանը համաշխարհային չափանիշներով վերածել ուսումնական, կրթական եւ դաստիարակչական օրինակելի եւ, ինչու չէ, նախանձելի կրթօճախի մը»:
Խօսքի աւարտին տնօրէնը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորէն, իրենց ներկայութեան համար:
Որմէ յետոյ ցուցադրուեցաւ «Բարերարները» վերնագրով տեսանիւթը, որուն բեմադրիչը եւ թեքսթին հեղինակն էր Պր. Վարդան Թաշճեանը:
Տեսանիւթի աւարտին օրուան հանդիսավարուհին՝ Սարին Ազնաւուրեան հրաւիրեց «Ռ. Պօղոսեան եւ Որդիք» հիմնադրամի Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատու Յովհաննէս Ֆարաճեանի որդի՝ Պր. Փաթրիք Ֆարաճեանը, փոխանցելու համար իր խօսքը:
Ան հանդէս եկաւ երախտագիտութեան խօսքով, ուր յատկապէս ըսաւ. «Շնորհակալութիւն հօրս հանդէպ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար: Հպարտ ենք Միացեալ Հայկական Հիմնադրամին հետ համագործակցելու համար, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Պր. Յարութ Սասունեանին, լիբանանեան դպրոցներուն ցուցաբերած օժանդակութեան համար»: Ապա շարունակելով, ան ողջունեց Պօղոսեան ընտանիքին ներկայութիւնը, ըսելով թէ անոնք «մարդիկ են, որոնք կÿօգնեն հայութեան Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան»:
Անդրադառնալով լսարանի անունին, Փաթրիք Ֆարաճեան ըսաւ, թէ «Հայրս շատ ուրախ պիտի ըլլար, եթէ ներկայ ըլլար այս հանդիսութեան, որ իր անունը կը կցուի աշակերտական լսարանի մը, մանաւանդ, որ ինքը իր ողջ կեանքը նուիրած էր աշակերտութեան: Ան իտէալիստ մըն էր նպատակներ հետապնդելու ժամանակ եւ իրապաշտ՝ կեանքի պայմանները հասկնալու: Ան ներկայացուցիչն էր սերունդի մը, որ տառապեցաւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներէն, բայց մնաց հաւատարիմ իր ինքնութեան եւ նուիրուեցաւ համայնքին: Ան միշտ կÿըսէր. «Արարատի երկու գագաթները միշտ պիտի դէպի իրենց քաշեն հայերը, նոյնիսկ եթէ կը գտնուին գրաւեալ վիճակի մէջ»:
Ապա Սարին Ազաւուրեան հրաւիրեց Պր. Յարութ Սասունեանը, փոխանցելու համար իր խօսքը: Պր. Սասունեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր բացառութիւն մըն է, որ մեր ֆոնտերուն անունները կը դրուին կառուցուած սրահի մը վրայ: Մենք հպարտ ենք, որ մեր անունը կը դրուի Պօղոսեան անունին քով: Մենք միշտ ուրախ կÿըլլանք երբ ուժերը քով-քովի կու գան: Մեր աշակերտները արժանի են լաւագոյնին: Ես նոյնիսկ ԱՄՆի մէջ այս մակարդակը չեմ տեսած. ցնցուած եմ: Կÿուզեմ աշխատիլ բոլորիդ հետ՝ իրականացնելու համար յաւելեալ գործեր»: Խօսելով Լինսի հիմնարկի եւ Միացեալ Հայկական Հիմնադրամի մասին, Յարութ Սասունեան ըսաւ, թէ «Այս երկու հիմնադրամները չեն փափաքիր որեւէ տեղ իրենց անունը դրուի: Ասիկա բացառութիւն մըն է»:
Պր. Յարութ Սասունեան, ապա անդրադարձաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստին այն մեծ օժանդակութեան, որուն շնորհիւ Միացեալ Հայկական Հիմնադրամը ձեռք բերելով պէտք եղած տուեալները կրցաւ օգտակար դառնալ լիբանանահայ վարժարաններուն: Եւ «այսօր, այս բեմէն կÿուզեմ այս առիթով յայտնել խորին շնորհակալութիւնս Պր. Կրէկուար Գալուստին», ըսաւ Յարութ Սասունեան: Աւարտելով իր խօսքը, Յարութ Սասունեան ըսաւ. «Մենք ուրախ ենք որ նոր գործընկերներու հետ ձեռք-ձեռքի տալով կրնանք ստեղծել նոր սրահներ, նոր շինութիւններ մեր նոր սերունդին համար, որը վաղը պիտի շարունակէ մեր այսօրուան սկսած գործերը»:
Փակման խօսքը փոխանցելու համար Սարին Ազնաւուրեան հրաւիրեց Արհի.Հայր Վարդան Եպս. Աշ•արեանը, որ ըսաւ. «Ճառ պիտի չխօսիմ: Սիրտս չի ներեր: Բայց սիրտս լեցուն է: Սրտի խօսք ունիմ ըսելիք Պր. Ժան Պօղոսեանին եւ իր գերդաստանին, որ մեզի թիկունք կեցած են միշտ: Պտտեցէք վարժարանէն ներս, եւ ամէն կողմ իրենց անունը պիտի տեսնէք: Այս հաստատութենէն ներս 50է աեւլի չքաւոր սաներ անոնք կը հասցնեն մինչեւ համալսարան: Յարգանք այն ծնողքին, որ տուած է մեզի այս բարերարները: Դուք հայերէն նոյնիսկ եթէ չէք խօսիր, բայց եւ այնպէս իրա՛ւ հայեր էք: Մեծ հայ մըն է նաեւ Յարութիւն Սասունեանը: Անոր համար չկայ յարանուանութիւն կամ գաղափարապաշտու¬թիւն: Անիկա հայ է եւ անոր համար հայութիւնը ամէն բանէ վեր է»:
Ապա ներկաները ուղղուեցան դէպի վարժարանի տանիք՝ դարձեալ նորակառոյց աշակերտական զբօսավայրը, ուր տեղի ունեցաւ հիւրերու պաշտօնական ընդունելութիուն:
Գեղեցիկ եւ ճաշակով կազմակերպուած այս հանդիսութիւնը, այսպիսով հասաւ իր աւարտին: