Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2011 - Երիտասարդներու հոգեւոր ամփոփում Զմմառու մէջ

 

Զմմառ

 

Շաբաթ
, 26 փետրուար 2011, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, Աշրաֆիէյի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետութենէն խումբ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ այցելեցին Զմմառու վանք անցնելու համար հոգեւոր ամփոփումի ժամեր։ Արդարեւ, ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ներկայ երիտասարդներուն մեկնաբանեց Անառակ Որդիին առակը, ապա տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան վանական եկեղեցւոյ մէջ մատոյց սուրբ Պատարագ, որմէ ետք ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը յաւուր պատշաճի քարոզեց բացատրելով Աստուծոյ Խօսքը։

Պատարագէն ետք, ներկաները սուրբ Միքայէլ դպրեվանքի սեղանատան մէջ մասնակցութեամբ ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ, վանական հայրերուն եւ ժառանգաւորներուն, ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ մասնակցեցան ընթրիքին։    

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ