Փարիզ
«Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպը ընդգրկուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Որոշումն ընդունուեցաւ չորեքշաբթի 5 դեկտեմպերին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխամասային գրասենեակին մէջ` Փարիզ, ուր կ’ընթանայ ոչ նիւթական մշակոյթի պահպանման նուիրուած միջկառավարական կոմիտէի 7-րդ նիստը:
Այս առնչութեամբ Հայաստանէն Փարիզ մեկնած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հարցերով ազգային յանձնաժողովի առաջին քարտուղար Քրիստինէ Մեհրապեկեան եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեան:
20 Մարտ 2006-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովը վաւերացուցած է 17 Հոկտեմբեր 2003-ին Փարիզի մէջ ստորագրուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրը: Վերոնշեալ համաձայնագիրով կը նախատեսուի, որ մասնակից պետութիւնները պէտք է անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկեն ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ ընդունին անհրաժեշտ իրաւական օրէնքներ: