Վենետիկ
Մխիթարեան Միաբանութիւնը սրտի մեծ ցաւով կը հաղորդէ որ Հայր ՕգոստինոսՎրդ. Սեքուլեան, Սրբոց Առաքելոց տօնին՝ 19 Յուլիս 2014ին, Լոս Անճելէսի մէջ, 92 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց եւ մեկնեցաւ դէպի յաւերժութիւն:
Հանգուցեալ Վարդապետը վերջին շառաւիղներէն մին էր Հունգարիոյ պատմական մեծ գաղութին: Ծնած էր Կէօրկենի 19 Սեպտեմբեր 1921ին: 10 տարեկանին կ՚ընդունուի Վիեննայի Մխիթարեան Վանքի ժառանգաւորաց դպրոցը որու աւարտին՝ 16 յուլիս 1938ին ուխտերով կ՚անդամակցի Միաբանութեան: Համալսարանական ուսումները աւարտելով 31 Դեկտեմբեր 1944ին քահանայ կը ձեռնադրուի: Այդ թուականէն սկսեալ իր ամբողջ կեանքը կը նուիրէ հայ մշակոյթին ու հայ մանուկի հայեցի դաստիարակութեան Վիեննա,Հունգարիա, Լիբանան ու Միացեալ Նահանգներ: Հանդէս Ամսօրեայի սիւնակները լի են իր գրութիւններով: Երկար տարիներ աշխատած է Վիեննայի Վանքէն ներս իբր դաստիարակ, գիտաշխատող, խմբագրապետ, գրադարանի, թանգարանի,տպարանի տնօրէն, գործակալ ու Մխիթարին ըմպելիի պատասխանատու: Իրն է արժանիքը Վիեննայի պատմական դիւանին ցանկագրումին ու կարգաւորութեան: Իբր ուսուցիչ ու տնօրէն իր մեծ լուման դրած է Լիբանանի ու Միացեալ Նահանգներու Մխիթարեան վարժարաններէն ներս:
Բնածին ու աստուածատուր ձիրքերը ի սպաս դրաւ իր ժողովուրդին: Բոլոր անոնք որ մօտէն ճանչցան զինքը, գնահատեցին իր մէջ Մխիթար Աբբահօր ու Միաբանութեան նկատմամբ տածած սէրն ու պաշտամունքը:
Թող իր հոգին, արժանի ըլլայ իր պաշտած ու քարոզած ողորմած Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան, ուր ցմիշտ կանգ կ'առնեն լացն ու սուգը:
Եկեղեցւոյ կարգը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 26 Յուլիս 2014-ին ժամը 11.00-ին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, (1510 E. Mountain Street, Glendale, CA 91207-1226) Լոս Անճելէս, որմէ ետք ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին ու իր յիշատակին հոգեճաշ պիտի մատուցուի նոյն եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Ըստ իր փափաքին մարմինը պիտի փոխադրուի ու հանգչի իր սիրած Միաբանութեան եղբայրակիցներուն մօտ՝ Վիեննա:
Թաղման օրուան ու ժամին մասին տեղեակ կը պահենք հաւատացեալ հասարակութիւնը յաջորդ մեր հաղորդակցութեամբ:
Ս. Ղազար 23 Յուլիս 2014
Դիւան Մխիթարեան Միաբանութեան