Պէյրութ
31 յունուար 2012, Հայաստանի հանրապետութեան կրթութեան նախարար պրն. Արմէն Աշոտեան ուղերձ մը յղած է «Հայ Մանկավարժ» ուսումնագիտական եւ մանկավարժական հանդէսի գլխաւոր խմբագիր՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին։ Նախարար Արմէն Աշոտեան նամակին մէջ կը ներկայացնէ իր անկեղծ երախտիքը՝ «Հայ Մանկավարժ»-ը պատրաստելու եւ լոյս ընծայելու համար։ Ան կ՛արժեւորէ այն գործը, որ կը կատարէ «Հայ Մանկավարժ»-ի խմբագրական կազմը, եւ կը յայտնէ, որ «Հայ Մանկավարժ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածները ընդունելի են Հայաստանի հանրապետութեան բարձրագոյն որակաւորման յանձնաժողովի կողմէ, զանոնք համարելով որպէս թեկնածուական ատենախօսութեան հիմնական արդիւնքներն եւ դրութիւններն արտացոլող տպագիր աշխատանքներ։