Զմմառ, Լիբանան
|
Չորեքշաբթի 18 Նոյեմբեր 2008ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00ին, Զմմառու վանական եկեցեցւոյ մէջ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նախագահեց Հայր Մեսրոպ Ծ.Վրդ, Ճուրեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որմէ ետք հանգուցեալի մարմինը փոխադրուեցաւ Զմմառու միաբանական դամբարանը: Յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցեցան նաեւ վաստակաւոր Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տէր Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան, Զմմառեան Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վ.Մուրատեան, միաբան հայրեր, Անարատ Յղութեան քոյրեր, Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէնութիւնը, յոյն եւ մարունիթ կղեր, Մեսրոպեան վարժարանի սաներու վարչութիւնը, հանգուցեալի պարագաները եւ սիրելիները: Արարորղութենէն անմիջապէս ետք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Վանքի մեծաւորին եւ Հայր Մեսրոպի պարագաներուն հետ ցաւակցութիւնները ընդունեց վանքի դահլիճին մէջ:
Հինգշաթի 20 Նոյեմբեր 2008ին, առաւօտեան ժամը 10:00էն սկսեալ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի դահլիճէն ներս: Իսկ Կիրակի 23 Նոյեմբեր 2008ին առաւօտեան ժամը 10:30ին, ԱշրաՖիէի Ս. Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ մէջ, Գերյ. Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան Ս. Պատարագ եւ հանգստեան պաշտօն պիտի կատարէ Հայր Մեսրոպի յիշատակին:
Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական դիւանը եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի հաւատացեալները ամենուրէք, իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն աղօթելով առ Աստուած որ Հայր Մեսրոպ Ճուրեանի հոգին ընդունի երկնքի արքայութեան մէջ: