Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ վերապատուելի Օլավ Թվէյդ` ընդհանուր քարտուղարը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, իր պատգամը ուղղեց «հրաւիրելով բարի կամքի տէր մարդիկը աշխատելու երկրի մէջ խաղաղութեան հաստատումին ի խնդիր»։
Հրեշտակներու կանչը (կարագրուած սուրբ Ղուկասի Աւետարանին մէջ) մեզ կը հրաւիրէ Աստուծոյ Փառքը փնտռելու եւ աշխատելու 21-րդ դարու արդար խաղաղութեան համար։ Խաղաղութիւնը (կը գրէ վերապատուելի Օլավ Թվէյդ իր պատգամին մէջ) կը պատկանի զանազան կրօններու, հետեւաբար խաղաղութիւնը կեդրոնական արժէք ունի բոլոր կրօններուն համար։ Միջ-կրօնական երկխօսութիւն կազմակերպելով մենք կը միտինք լուծում մը գտնել՝ աշխարհի հարցերուն եւ ընդհարումներուն։