Ուրբաթ, 31 Օգոստոս 2012 - Մահ քաջ աւետարանիչ՝ կարդինալ Գարլօ Մարիա Մարթինիին

 

Հռոմ

Ուրբաթ 31 օգոստոս 2012, յետ միջօրէի 15:45-ին Միլանոյի վաստակաւոր արքեպիսկոպոս (1979 - 2002) կարդինալ Գարլօ Մարիա Մարթինի 85 տարեկանին կնքեց իր մահկանացուն։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի 3 սեպտեմբերի յետ միջօրէի ժամը 16:00-ին Միլանոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ 

Յիսուսեան միաբանութեան եւ սուրբ Իգնատիոս Լօյոլացիի զաւակ, կարդինալ Մարթինին ծնած էր Թորինօ` 15 փետրուար 1927-ին։ 17 տարեկանին անդամակցած էր Յիսուսեան միաբանութեան եւ13 յուլիս 1952-ին քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած։
Հմուտ աստուածաբան եւ Աստուածաշունչի մասնագէտ, 1978-ին Պօղոս Զ. սրբազան Քահանայապետը զինք Գրիգորեան համալսարանի փոխ րէկտոր կը նշանակէ։ 1979-ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. անոր կը յանձնէ Միլանոյի թեմին առաջնորդութիւնը, ուր կը պաշտօնավարէ 22 տարի։ 1983-ի փետրուարին կը ստանայ ծիրանաւորի աստիճանը։

11 յուլիս 2002-ին, 75 տարեկանին, Մարթինի կարդինալը իր հրաժարականը կը ներկայացնէ եւ Միլանոյի թեմի առաջնորդութեան անոր կը յաջորդէ կարդինալ Տիոնիճի Թեթթամացցին։ Կարդինալ Մարթինին կը փոխադրուի Երուսաղէմ ու կը շարունակէ Աստուածաշունչի իր ուսումնասիրութիւնները մինչեւ 2007 թուական։ 2008-ին առողջական պատճառներու համար կը վերադառնայ Միլանօ ուր հը մահանայ Յիսուսեան միաբանութեան տան մէջ, ուրբաթ 30 օգոստոսի յետ միջօրէին։

Կարդինալ Մարթինիի մահով կարդինալական դասի թիւը կը վերածուի 206-ի: Անոնցմէ 118 քահանայապետ ընտրելու իրաւունքն ունին, մինչ 88 ոչ ընտրող կարդինալներ են։

Ռատիովատիկանի տնօրէնը Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին կարդինալ Մարթինիի նուիրած իր խմաբգրականին մէջ զայն կը ներկայացնէ որպէս քաջ աւետարանիչ։

Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, հոգեւոր, աստուածաբանական, աստուածաշնչական եւ եկեղեցական, ան շարունակ քարոզած է իր կեանքին ընթացքին Աստուծոյ Խօսքը իր ժողովուրդին բոլոր խաւերուն: Իր կեանքին վերջին տարիները ուզած է Երուսաղէմ անցընել, աւելի խոր ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար Աստուածաշունչին մասին: Մասնակցած է Երուսաղէմի Աստուածաշունչին հրատարակութեան եւ զանազան այլ հրատարակութիւններուն:

Անոր տիպարը օրինակ է քրիստոնեաներուն մանաւանդ այս նոր աւետարանացման դարաշրջանին համար: Իսկ անոր գիրքերը՝ հոգեւոր կեանքի հասունացման աղբիւր են: Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետը մահուան գոյժէն անմիջապէս ետք մեծապէս գնահատելով շեշտեց անոր Աւետարանին եւ Մարդկութեան ներկայացուցած ծառայութեան վրայ: 

Աղօթք ու յարգանք այս քաջ աւետարանիչին, ազնիւ եւ իմաստուն եպիսկոպոսին:

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=617350

Centre Saint Gregoire de Nareg - office communications sociales


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ