Ուրբաթ, 24 Յունուար 2014 - Ֆրանչիսկոս Պապը. «Հաղորդակցութիւնը ի սպաս հանդիպման հարազատ մշակոյթին»
Վատիկան
Հինգշաբթի, 23 յունուար 2014, լատինաց Սուրբ Ֆրանչէսկոս Տէ Սալէսի տօնի նախօրեակին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը՝ ներկայացնելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 48-րդ Համաշխարհային օրուայ պատգամը, որուն խորագիրն է՝ «Հաղորդակցութիւնը ի սպաս հանդիպման հարազատ մշակոյթին»։
«Այս աշխարհին մէջ, ընկերային հաղորդամիջոցները կրնան նպաստել մեզի՝ իրարու հանդէպ աւելի մօտ զգալու, մեզի ըմբռնել տալու մարդկային ընտանիքի միասնականութեան վերանորոգուած իմաստը, որ կը մղէ միասնականութեան եւ լուրջ յանձնառութեան՝ ի խնդիր աւելի արժանավայել կեանքի մը: Լաւ հաղորդակցութիւնը կ՚օգնէ մեզի իրարու աւելի մօտենալու եւ զիրար աւելի լաւ ճանչնալու եւ աւելի միասնական ըլլալու», կը բացատրէ Սրբազան Հայրը:
Ան կ'եզրափակէ պատգամը հրաւիրելով չվախնալու թուային աշխարհի քաղաքացիները դառնալէ: Եկեղեցւոյ ուշադրութիւնն ու ներկայութիւնը կարեւոր են հաղորդակցութեան աշխարհին մէջ, երկխօսութեան մէջ մտնելու համար ժամանակակից մարդուն հետ եւ զինք մղելու դէպի Քրիստոսի հետ հանդիպման. Եկեղեցի մը, որ կ'ուղեկցի ճանապարհին, գիտէ ընկերանալ բոլորին: Այս շրջագիծին մէջ, ընկերային հաղորդամիջոցներու եւ տեղեկատուութեան յեղաշրջումը մեծ եւ հետաքրքրական մարտահրաւէր մըն է, որ կը պահանջէ թարմ ուժեր եւ նոր պատկերացում մը ուրիշներուն փոխանցելու համար Աստուծոյ գեղեցկութիւնը:
|