Երկուշաբթի, 26 Մարտ 2007 - Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Ցաւակցագիրը Նախագահ Քոչարեանին

Պէյրութ, 26 Մարտ 2007

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ ցաւակցական սոյն գիրը յղեց Հայաստանի նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանին՝ Հայաստանի վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի յանկարծական մահուան տխուր առիթով:

Դիւան թիւ 77/07

Վսեմաշուք Տիար Ռոպերթ Քոչարեան
Նախագահ
Հայաստանի Հանրապետութեան

Երէկ ուշ ատեն իմացանք խոր ցաւով Մայր Հայրենիքի վարչապետին մահը՝ Արդրանիկ Մարգարեանի:

 Հայրենիքը եւ մեր սիրեցեալ ժողովուրդը երախտապարտ պիտի մնան իրեն, որովհետեւ կորսնցուցին մեծ հայրենասէր հայ մը ու իմաստուն եւ խոյեմ քաղաքագէտ մը:

 Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, բոլոր նախարարներուն եւ կառավարական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն, մաղթելով որ անոր յիշատակը միշտ վառ պահուի:

 Մեր սրտաբուխ ցաւակցութիւնները կը յայտնենք նաեւ իր ազնուափայլ տիկնոջ, զաւակներուն եւ բոլոր հարազատներուն:

 Թող Ամենաբարին Աստուած զինքը արդարներու դասին մէջ կարգէ եւ մխիթարութիւն պարգեւէ իր հարազատներուն եւ քաղաքագէտ ընկերներուն:
 
 Հայրական օրհնութեամբ եւ միշտ աղօթարար՝

 Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ