Երկուշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2014 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ քարոզը Արհի. Զէքիյեան արքեպիսկոպոսի ձեռնադրութեան

 

Պոլիս

Արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիյեան,

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք,

Գերաշնորհ Սրբազան հայր,

Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Հայրեր,

Առաքինափայլ Քոյրեր,

Յարգարժան անդամներ թաղական խորհուրդի,

Յարգարժան ներկայացուցիչներ զանազան հաստատութիւններու,

Յոյժ սիրելի հաւատացեալներ,

 

            Կոստանդնուպոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմը ցնծութեամբ կ'ողջունէ այսօր Արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեանի եպիսկոպոսական օծումը եւ պաշտօնի ստանձնումը իբր Առաքելական Կառավարիչ Պոլսոյ Թեմին համար, յաջորդելով Արհի. Տէր Յովհաննէս Արք. Չոլաքեանի, որ քառասուն ութ երկար տարիներ անընդհատ գործով եւ անբասիր կենսաղով ու նուիրումով հայրաբար ծառայեց իր հօտին: Ձեր ուրախութեան լիուլի մասնակից է Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութիւնը՝ իր շարքերուն մէջ ընդունելով նոր հայրապետ մը որ, իր բազմապիսի յատկութիւններով ու կարողութիւններով, թանկագին ներդրում մը պիտի բերէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան աճումին եւ անոր պայծառութեան՝ հոգեւոր, համամիութենական ու մշակութային գետնի վրայ:

            Յանուն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան, սրտագին մաղթանքներս կը յայտնեմ նորօծ Արքեպիսկոպոսին եւ կ'աղօթեմ որ աստուածային օրհնութիւնները լիառատ զեղուն անոր վրայ, պարգեւելով անոր աւետարանական իմաստութիւն, արիութիւն, համբերատար ու յարատեւող հոգի, որպէսզի Կ. Պոլսոյ այս պատուական ու պատմական Թեմը, անոր հովուական առաջնորդութեամբ ճանչնայ դե՛ռ աւելի պայծառ ու բարգաւաճ օրեր:

            Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս, եպիսկոպոսութիւնը նուիրումի եւ ծառայութեան առաքելութիւն մըն է: Արդարեւ, Եպիսկոպոսը հովիւ է, որ պարտի առաջնորդել իր հօտին, եւ ի հարկին՝ անոր համար իր կեանքն իսկ զոհել, իր Տիրոջ նման: Եպիսկոպոսը նաեւ վարդապետ է, այսինքն՝ ուսուցիչ եւ դաստիարակ, որ պարտականութիւն ունի հոգեւոր գիտութիւնը անդադար կերպով ջամբել իրեն յանձնուած հոգիներուն եւ զանոնք առաջնորդել ուղիղ ճանապարհին վրայ:

            Եպիսկոպոսը գլուխն է թեմին հասարակութեան՝ իր միութեամբը անոր անդամներուն, որոնց իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ, կենսական եւ անփոխարինելի դերը: Ուստի, անհրաժեշտ է որ ամէն հաւատացեալ սերտօրէն իրեն միացած ըլլայ ու գործէ որպէս Եկեղեցւոյ զաւակ. ո՛չ սոսկ անուանական կերպով, այլ իբր յանձնառու անդամ, ի նպաստ համայնքին Նոր Աւետարանումի:

            Հետեւաբար, ձեր Եկեղեցին ձեզի՛ կը սպասէ, սիրելի նուիրեալ հոգիներ եւ հաւատացեալներ, որպէսզի ձեր Համայնքը, որու զաւակներն ըլլալու շնորհքը ստացած էք, օրէ օր աւելի կենսունակ, աշխոյժ ու գործունեայ Քրիստոսի մարմին դառնայ, եւ օրէ օր աւելի բարգաւաճի:

            Արհի. Զէքիեան Գերապայծառը ձեզի անծանօթ անձ մը չէ: Ան ծնունդով պոլսեցի է, կրթութեամբ եւ քահանայական կոչումով՝ Մխիթարեան միաբան: Ան մօտէն գիտակից է այս գաղութին ազգային ու հոգեւոր դիմագիծին եւ անոր կարիքներուն: Ան ունի այն բազմաթիւ յատկանիշները որ զինք ատակ կը դարձնեն այս պատմական Թեմին համար տիպար Առաջնորդ մը ըլլալու: Ան, նախ եւ առաջ, Աստուծոյ մարդն է, որ ինքզինքը բոլորանուէր տուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իր կեանքով, գործով ու մտային աշխատանքով: Ան անշեղ կերպով ծառայած է իր քահանայական կոչումին՝ զանազան մարզերու մէջ, առանց փնտռելու փառք ու պատիւ, այլ միայն՝ Աստուծոյ փառքը եւ հայ ազգին բարիքը: Կարելի է ըսել, որ ան սիրած է եւ ծառայած հաւասար եռանդով ու նուիրումով իր Ազգին եւ իր Եկեղեցիին: Այս պատճառով, ան գնահատուած է ըլլայ եկեղեցական թէ աշխարհական կարգերէն ներս: Ես վստահ եմ, որ ան պիտի կարենայ Աստուծոյ շնորհքով արիաբար եւ յարատեւօրէն կրել ու արդիւնաւորել եպիսկոպոսութեան առաքելութեան բեռը:

            Կրկին յայտնելով իմ Հայրապետական ջերմ բարեմաղթութիւններս նորօծ Արքեպիսկոպոս Լեւոն Զէքիեանին, անոր թեմի զաւակներուն, յատուկէն՝ թաղական խորհուրդին եւ այլ համայնքի կառոյցներուն, անոր վրայ կը հայցեմ Սուրբ Կոյս Աստուածածնին մայրական բարեխօսութիւնը:

            Աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած՝ որ իր շնորհքներն ու հովանին անպակաս ընէ ամէնուդ վրայ, եւ ձեզ առաջնորդէ բարօրութեան, պայծառութեան եւ յարատեւ նուիրումի ճանապարհին մէջ՝ միշտ միացած մնալով ձեր նոր Առաջնորդին:

 

Պոլիս, 13 սեպտեմբր 2014

 

+Ներսէս Պետրոս ԺԹ.

Կաթողիկոս Պատրիարք

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց   

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ