Հանդիսապետութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն, Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ, 2007ին, երեկոյեան ժամը 9:00ին, Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի Հ. Կ. Մ.ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ՝ Ապրիլեան նահատակներուն նուիրուած:
Ձեռնարկին ներկայ էին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին նախարար Մեթր Ժաք Չուխատարեան, հոգեւորականներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան անունով խօսք առաւ Ցոլեր Քէշիշեան: Ան յայտնեց, թէ Ապրիլ 24ը օր մըն է, որ անմոռանալի է իւրաքանչիւր հայու միտքին մէջ, անփոխարինելի՝ իւրաքանչիւրին սիրտին մէջ, սակայն անիկա հիմը եղաւ հայուն աննկուն ու հաստատուն կամքին, ինչպէս նաեւ խոստումի ուխտի ու պայքարի օր մը դէպի բարին, արդարը եւ աւելի պայծառը:
Օրուան բանախօսն էր Յակոբ Այնէճեան, որ նշեց, թէ 92 տարի անցած է Եղեռնէն, բայց տակաւին ոճրագործ թուրք կառավարութիւնը կը շարունակէ նոյն ոճով ուրանալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Ան անդրադարձաւ Եղեռնի պատճառներուն՝ բաժնելով զանոնք երկուքի՝ տնտեսական եւ քաղաքական: Այնուհետեւ ան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս կ’իրականանայ եւ կ’իրագործուի Ցեղասպանութիւնը. ան նաեւ խօսեցաւ թրքական հանրապետութեան կացութեան մասին եւ եզրափակեց իր խօսքը՝ բացատրելով, թէ իբրեւ հայ ի՛նչ պէտք է ընել եւ ի՛նչպէս պէտք է պայքարիլ: «Մշակոյթի համար պայքարինք եւ կերտենք նոր սերունդ մը, որ պիտի ստանայ ջահը մեր դատին», եզրափակեց բանախօսը:
Ձեռնարկի աւարտին Ամենապատիւ Հո•եւոր Տէրը հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց պատրիարքարանի շրջափակին մէջ գտնուող Եղեռնի յուշակոթողին դիմաց: Նշենք, որ բոլոր ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին Եղեռնի յուշակոթողին շուրջ:
Գեղարուեստական յայտագիրը կը բովանդակէր թատրեր•ութիւն՝ «Հայ Ֆետայի»՝ կատարողութեամբ Հ. Կ. Մ. Պատանեկանի, նուագ՝ Ս. Մեսրոպի սկաուտներ, ասմունք՝ «Հայը»՝ Անի Դարբինեան, պար՝ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի պարախումբ, եր•՝ Վարդան Ազնաւորեան՝ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ալէք Թերճանեանի: Ցուցադրուեցաւ նաեւ վաւերագրական ժապաւէն մը, որ պատրաստուած էր «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» սկաուտական խումբին կողմէ:
Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ ցուցադրուեցան տեսարաններ Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լիբանանահայ Կեդրոնական Մարմինին դէպի Տէր Զօր կազմակերպած ուխտագնացութենէն, որուն մասնակցեցան հայկական վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու աշակերտները: