Ուրբաթ, 25 Ապրիլ 2014 - Քայլարշաւ մոմավառութիւն դէպի Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ

Պէյրութ

Չորեքշաբթի, 23 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն քայլարշաւ Պուրճ Համուտէն մինչեւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ մեծ թիւով հայորդիներու մասնակցութեամբ:

Երեկոյեան ժամը 9-ին, տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ Նահատակաց հրապարակին վրայ, ներկայութեամբ լիբանանեան պետական քաղաքական, կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հոգեւորականներու: 
Այս յիշատակին Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին անունով հայերէնով խօսք առաւ Աշոտ Բագրատունին, իսկ արաբերէնով խօսք առաւ Արամ Գարատաղլեան՝ ներկայացուցիչ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին: Ապա խօսք առին ներքին գործոց նախկին նախարար Զիատ Պարուտ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով. քայլարշաւին մասնակիցները իրենց մոմերով գրեցին «Պահանջատիրութիւն, արդարութիւն»:



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ