Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014 - Ծիսական որոշումներ եւ յանձնարարութիւններ

 

Պէյրութ

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

 

ԾԻՍԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՅԱՆՁՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

Արհիապատիւ Տիարք, Գերյարգելի, Գերապատիւ Հայրեր

 

Մեր Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, որ գումարուեցաւ 2-էն 10 Սեպտեմբեր 2014 նկատի առաւ ծիսական հարցերու վերաբերեալ կարգ մը կէտեր, առաջարկուած Պատրիարքական Ծիսական Յանձնախումբին կողմէ, եւ յետ ուսումնասիրելու, վաւերացուց զանոնք:

Ստորեւ կը ներկայացնենք զանոնք, խնդրելով որ պատշած ուշադրութեան առարկայ դարձնէք զանոնք, հոգ տանելով որ գործադրուին ձեր կղերին եւ հաւատացեալներուն կողմէ:

 

Ա. Պատարագիչին, սարկաւագներուն եւ երգչախումբին վերաբերեալ

 

- Ձայնաւոր սուրբ Պատարագը սկսիլ միշտ «Խորհուրդ խորին»ի աւարտին, «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ...» աղերսով եւ ապա «Վասն սրբուհւոյ Աստուածածնին» աղօթքով:

 

-Աւետարանի ընթերցումը նախընտրաբար յանձնել ձեռնադրեալ Սարկաւագին, եթէ կայ, արժեւորելով այսպէս անոր կարգն ու պաշտօնը:

 

-Պատուիրել երգիչ սարկաւագին որ «Արբէք ի սմանէ» -էն ետք, երգէ «Օրհնեա' Տէր»ը, հանդարտօրէն, որպէսզի պատարագիչը ժամանակ ունենայ աւարտելու «ծածուկ» ըսուող «Եւ զսոյն միշտ...» աղօթքը:

 

-Տրուած ըլլալով որ բոլոր ծէսերուն մէջ, լատին թէ արեւելեան, պատարագիչը պարտ է միշտ յիշել Եկեղեցւոյ նուիրապետական պետերը, այսինքն Սրբազան քահանայապետը, Կաթողիկոս կամ Պատրիարքը եւ տեղւոյն Առաջնորդը, կը խնդրուի պատարագիչէն լսելի կերպով ըսել «Եւս առաւել...» աղերսը եւ պատուիրել երգիչ Սարկաւագին որ երգէ անոր հետեւող «Գոհութիւնը»ը:

 

-Երբ «Հայր մեր»ը կ'երգեցուի, միաժամանակ  ուրիշ աղօթք չըսել ծածուկ. սպասել երգին աւարտին՝ ըսելու կամ երգելու համար «Քրիստոսիւ Յիսուսիւ»ը:

 

-«Ի սուրբ, ի սուրբ»ի աւարտին, երգել նախ «Օրհնեալ է Աստուած» երգը կամ «Տէր ողորմեա'». ապա, սուրբ Հաղորդութեան բաշխումին ընթացքին, ջերմեռանդական երգեր, ինչպէս՝ «Զինչ տաց տրիուր Տեառն», «Ով անմահ», «Սէր անուն Յիսուս», եւայլն:

Այս երգերը դադրեցնել բաշխումի աւարտին եւ երգել «Աստուած մեր», որպէսզի պատարագիչը լսելի ձայնով օրհնէ ժողովուրդը «Կեցո' Տէր» օրհներգով:

 

-Բաշխումէն անմիջապէս ետքը զանց չընել «Լցաք» կամ «Գոհանամք» երգերը կամ չփոխարինել զանոնք այլ երգերով, յարգելով Պատարագամատոյցի կարգաւորումը:

 

Բ. Հաւատացեալներուն համար

 

Սրբագործումը, ըստ արեւելեան ծէսին, կը սկսի «Առէք, կերէք»ով եւ կ'ամբողջանայ Սուրբ Հոգիին կոչումով, որ կ'իրագործուի պատարագիչին «Որպէսզի եղիցի սա ամենեցուն» աղօթքով: Ուստի, ի յարգանս այս նուիրական պահին, հաւատացեալներու հասարակութիւնը ոտքի կը մնայ մինչեւ որ աւարտի այդ աղօթքը, որ յայտնի կ'ըլլայ երբ երգչախումբը աւարտած կ'ըլլայ «Յամենայնի» երգը:

 

Բացատրել հաւատացեալներուն, գրաւոր կամ բերանացի, այս ծիսական արարքին նշանակութիւնը եւ յորդորել զանոնք որ յարգեն ու գործադրեն զայն:

 

Պէյրութ, 26 Նոյեմբեր 2014

 

+Ներսէս Պետրոս ԺԹ.

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ

Կաթողիկէ Հայոց

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ