Հինգշաբթի, 21 Յունիս 2012 - Գ. Հարպոյեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ հոգեւոր երգահանդէս


Զալքա, Լիբանան

Չորեքշաբթի, 20 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, հայկական շարականներու եւ հոգեւոր երգերու երկրպագուները եկած էին Զալքայի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահ՝ իրենց հոգեկան եւ երաժշտական ծարաւը յագեցնելու:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը, իր հիմնադրութեան 25 ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս նախաձեռնեց այս հոգեւոր երգահանդէսին, ուր ելոյթ ունեցան եղբայր Ղազար Պետրոսեան եւ տիկ. Սոնիկ Փամպուքեան, որոնք օրհներգներ բարձրացուցին առ Աստուած՝ փառաբանելով Զինք:

Ձեռնարկը կը վայելէր նախագահութիւնը եւ ներկայութիւնը արհիապատիւ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանի (Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառեան Միաբանութեան), ներկայ էին կղերական հայրեր եւ երաժշտասէր խաւ մը:

Բացման խօսքով Լիւսի Տէօքմէճեան նշեց, թէ «քառորդ դարեայ իր երթին ընթացքին, հայ քրիստոնէական հաւատամքին կառչած մնացած Հարպոյեան վարժարանը, որ կը հաւատայ, թէ հայ դպրոցը աւելի զօրաւոր եւ հասատուն է հայ եկեղեցիով, այսօր մեզի կ’ընծայէ առիթ մը՝ հաղորդուելու Նարեկացիի, Շնորհալիի, Կոմիտասի եւ այլոց յօրինած շարականներու ոգիով»:

Երգեցողութիւնը սկսաւ Կոմիտաս վարդապետի «Տէր Ողորմեայ» շարականով, որուն յաջորդեցին «Ողջոյն Քեզ»ը, «Ով Զարմանալի»ն եւ «Այսօր Ձայնն Հայրական»ը, «Երկնային Տաճար»ը, «Աւէ Մարիա»ն, «Խաչին Մօտ»ը, «Մինչ Օրրանէս»ը, «Քաղցր Է Իր Անունը», «Ուրախ Լեռ»ը, «Անթառամ Ծաղիկ»ը, «Զինչ Տաս»ը, «Շնորհակալութիւն»ը, «Փառք Տանք Աստուծոն», եւ Սաղմոսներով գովերգեցին Արարիչն ու Աստուածամայրը:

Աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանիս տնօրէնուհի տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ ըսաւ, թէ «Հարպոյեան վարժարանը այսօր հանրութեան ներկայացաւ իր հոգեւոր դիմագիծով, որովհետեւ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հարազատ զաւակը եղող եւ անոր ուղեգիծով եւ սկզբունքներով գործող այս կրթօճախը, եղած է ու կը մնայ հայ աշակերտին մարդակերտման նուիրական դարբնոցը, որովհետեւ կը հաւատայ, ինչպէս բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեան կ’ըսէ, որ «Եկեղեցին հայկական հայ հոգիին եւ մամնոյն զրահանդերձն է փայլուն»:

Հուսկ, գերապայծառ հայր Մուրատեան իր խօսքին մէջ Աստուծոյ օրնութիւնը հայցեց վարժարանի տնօրէնութեան, դասատուներուն եւ աշակերտներուն համար: Ան ըսաւ, թէ «վարժարանին ընտրած մարդակերտումի, հայակերտումի եւ յաջողութեան հասնելու բնաբանը շատ էական է, եւ ուսեալ ու յաջող անհատներ հասցնելու կողքին շատ կարեւոր է նաեւ իբրեւ քրիստոնեայ յաջող երիտասարդներ պատրաստելու համար հայ վարժարանին տարած աշխատանքը»:

Հոգեպարար շարականներով ներշնչուած ներկաները սրահէն մեկնեցան լիացած ու հոգեկան այլ աշխարհ մը փոխադրուած:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ    
  
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ