Հինգշաբթի, 21 Օգոստոս 2008 - Հայրապետական Պատգամ Վերափոխման Տօնին Առթիւ

Կիրակի, 17 Օգոստոս 2008-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով Փոխման Սուրբ Կուսին վանքին մէջ (Զմմառ), Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը  մատուցեց Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

 
Յոյժ Սիրելի ուխտաւոր եղբայրներ եւ քոյրեր,
 

Որքան ալ խօսինք Սուրբ Աստուածածնի մասին եւ անոր կարեւոր դերին մեր կեանքին մէջ, միշտ կարելի է գտնել խօսելու նոր յատկութիւններ եւ բարեմասնութիւններ մեր Երկնաւոր Մօր մասին, նման ծովուն անսպառելի ջուրին, որ որքան անկէ ջուր քաշես, կրնաս միշտ կրկին ու կրկին քաշել:
Այսօր կ‏’ուզեմ խօսիլ ձեզի Ս. Կոյս Մարիամին «գեղեցիկ սիրոյ» մասին, ինչպէս զայն կոչեց բարեյիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբ. Քահանայապետը: Լաւ է մեզի համար զարգանալ Աստուածամօր այս «գեղեցիկ սիրոյ» դպրոցին մէջ, այսինքն՝ իրեն աշակերտիլ: Լաւ է սուրբ Կոյսէն քաղել, «գեղեցիկ սիրոյ» դասեր, կ‏’ըսէ Յովհաննէս Պօղոս Բ.: Այն ատեն, պիտի հասկնանք որ մեզ շրջապատող բոլոր դէպքերը իմաստ ունին եւ կը կազմեն հանդիպումի առիթներ Աստուծոյ հետ: Երբեմն կը խուսափինք այս հանդիպումներէն, երբ մեզի տհաճելի թուին, որովհետեւ չենք ուզեր յաւելեալ նեղութիւններ քաշել, երբեմն ալ յոգնած կ’ըլլանք: Ճիշդ այդ պարագաներուն, Ս. Կոյս Մարիամը օգնութեան կը հասնի մեզի: Ան մեզ լաւ կը ճանչնայ, Ան գիտէ մեր տկարութիւնները, Ան մեզ կը հասկնայ եւ մեզ միշտ կը լսէ: Որովհետեւ մեր Երկնային Մայրը, ոեւէ մօր նման, մեզ կը սիրէ ինչպէս որ ենք, նոյնիսկ մեր տկարութիւններովը, եւ ոչ միայն երբ բարի գտնուինք: Ան մեզ կը սիրէ առանց պայմանի: Մեզի համար կարեւորը հոգեպէս աճիլ Աստուածամօր դպրոցին մէջ եւ պատրաստ ըլլալ իրմէ նոր բան մը սորվելու:
Սիրել կը նշանակէ փարիլ լաւին եւ կառչիլ բարիքին ու ընձեռել բոլոր հարցերը քրիստոնէական մօտեցումով: Երբ սիրենք, ամէն ինչ կը տեսնենք մաքուր աչքերով: Երբ սիրենք, կը փափաքինք որ ամէն ինչ ըլլայ այնպէս ինչպէս որ Աստուած կ‏’ուզէ որ ըլլայ: Ոչ միայն, այլ Աստուծոյ մատը կը տեսնենք ամէն բանի մէջ, եւ այս ըմբռնումը եւ համոզումը մեր սրտին մէջ խաղաղութիւն կը ձգէ: 
Սէրը՝ այն գոհարն է որուն պէտք ունի ամէն մարդ՝ երջանիկ ապրելու համար: Սէրը՝ մարդկային կեանքին կեդրոնն է: Մենք չենք բաւարարուիր միայն հարստութիւններ դիզելով կամ գնահատանք ու գովասանք ստանալով: Մենք կր փափաքինք նաեւ ամէն մարդ սիրել եւ զգալ որ բոլորին կողմէ սիրուած ենք, եթէ ոչ երջանիկ չենք ըլլար: Երեւակայեցէք որ շատ կան մարդիկ որոնք իրենց դրամը եւ ընկերային դիրքը կը շահագործեն մարդոցմէ սիրուելու համար: Մենք կը ցանկանք նաեւ կարենալ բոլորն ալ սիրել եւ անոնց տեղ տալ մեր սրտին մէջ: Մեր բնութիւնը այնպէս կազմուած է, որ սիրահար դառնանք, բառին ամէնէն խոր իմաստով: Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը կ’ըսէ. «Մարդը առանց սիրոյ չի կրնար ապրիլ, առանց սիրոյ անոր կեանքը իմաստ չ‏’ունենար»: 
Քրիստոնեան, այն անձն է որ կարողացած է իր ամենօրեայ գործին մէջ տեսնել Քրիստոսին սէրը: Ան է որ կը հասկնայ թէ Աստուած կ’ուզէ զինք երջանիկ դարձնել եւ իր կեանքը լիացնել ամենակարեւոր բարիքով, որ է սէրը: Յիսուս կը հրաւիրէ այդ անձը անոր հետ բարեկամ դառնալու: Հարազատ քրիստոնեան խորապէս համոզուած է որ, կեանքի բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, Աստուած իսկապէս սէր է, հայր է եւ բարեխնամող մեզի հանդէպ:
Քանի Աստուած ունեցաւ նախաձեռնութիւնը մեզ սիրելու, մենք ի՞նչ ձեւով կրնանք համապատասխանել անոր սիրոյ: Պէտք ունինք նախ բարի օրինակ մը գտնել անոր հետեւելու համար, եւ նմանելու անոնց, որոնք մեզմէ առաջ նոյն փորձառութիւնը ունեցած են Աստուծոյ անհուն սիրոյ եւ ողորմութեան մասին, եւ որոնք հիմա երջանիկ են յաւիտենապէս Քրիստոսին հետ: Ինքնաբերաբար, հաւատացեալին նայուածքը կ‏’ուղղուի դէպի սուրբ Կոյս Մարիամը, որ է շնորհքներով լի, սուրբերուն թագուհի եւ արարածներուն ամէնէն գեղեցիկը, որպէսզի իրմէ սորվին սիրոյ դասերը: Մարիամ գեղեցիկ է, որովհետեւ սիրուած է սուրբ Երրորդութեան կողմէ: Աստուծոյ փայլը կը ցոլայ անոր երեսին վրայ եւ անոր սրտին մէջ: 
Յովհաննէս Պօղոս Բ. կը հաստատէ թէ «գեղեցիկ սիրոյ» պատմութիւնը սկսաւ Մարիամին հետ՝ Աւետումին օրը: Իր «Եղիցի»ին միջոցաւ, Մարիամ դարձաւ Աստուծոյ մայրը: Նոյն ատեն, Մարիամ դարձաւ նաեւ մեր մայրը, որովհետեւ Ս. Մկրտութեան խորհուրդով մենք դարձանք եղբայրներ եւ քոյրեր Յիսուս Քրիստոսի: Մարիամ՝ սիրոյ պատգամին՝ երբեք ո՛չ չէ ըսած: Ան իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ Աստուծոյ կամքը կատարելով, նոյնիսկ ամենադժուար պահերուն: Ան յատուկ սէր ունեցաւ բոլոր մարդոց հանդէպ ու բոլոր մեղաւորներուն հանդէպ, եւ ուրեմն՝ մեզի հանդէպ եւս:
Աստուած միլիոնաւորներուն մէջէն, մեզմէ ամէն մէկը ընտրած է որպէսզի անոր սիրտը լեցնէ իր սիրով եւ ան Աստուծոյ առջեւ շնորհալի է: Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ զուտ պարգեւ մըն է, որուն մենք արժանի չենք եւ ոչ ալ իրաւունք ունինք զայն պահանջելու: Մեզի կ‏’իյնայ միայն զայն երախտագիտութեամբ ընդունիլ եւ անոր հետ համագործակցիլ, որպէսզի աճի մեր մէջ եւ մենք խաղաղ կեանք ունենանք:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, շատ անգամ կ‏’անտեսենք գեղեցիկ բաները դիտելու կամ անոնց վրայ հիանալու, եւ կը բաւարարուինք մեր անձնական ճղճիմ իրագործումներով խանդավառուելու: Ես աս ըսի, ես ան ըրի: Մինչ մենք  պարտինք Մարիամի նման հիանալ Աստուծոյ գործերուն վրայ՝ մեր կեանքին մէջ: Ան ըսաւ՝ «Հզօրը մեծ գործեր ըրաւ ինծի. Սուրբ է անոր Անունը» (Ղկ. 1,49): Չ’ըսաւ՝ ես մեծ գործեր ըրի: Առօրեայ դէպքերը այս ակնոցով դիտել, կը նշանակէ զանոնք դիտել նոր նայուածքով մը, յաւիտենականութեան հեռանկարով: Ճիշդ է որ ամէն ինչ կ‏’անձնի, ճիշդ է որ ամէն ինչ վերջ ունի եւ մեր կեանքը շարունակական «մնաք բարով» մըն է: Ստոյգ է նաեւ որ մենք չենք կրնար ցաւերը բոլորովին վերցնել ոչ մեզմէ եւ ոչ ալ ուրիշներէն: Բայց երբ մենք միացած ըլլանք Աստուծոյ հետ Մարիամի պէս, կը մասնակցինք Աստուծոյ ծրագիրներուն եւ շատ բարիք կրնանք ընել, եւ շատ ուրախութիւն կրնանք սփռել:
Աստուածամօր դպրոցին մէջ կը սորվինք նաեւ ապրիլ քրիստոնեայ կրօնքին նոր պատուիրանը, պատուիրան մը որ գոյութիւն չ’ունէր Յիսուսէն առաջ, ան է՝ թշնամիներուն սէրը: Թշնամին, որուն մասին կը խօսի Ս. Աւետարանը, չի գտնուիր միայն պատերազմի դաշտին վրայ: Շատ անգամ, մեզի ան մօտ է, մեր դրացին է, մեր պաշտօնակիցն է, երբեմն ալ մեր ազգականն է: Ան՝ այն անձն է որ մեզի վնաս կը հասցնէ, կամ ձեւով մը մեր ազատութիւնը կը կաշկանդէ: Ան՝  այն անձն է որմէ փախուստ կ‏’ուզենք տալ եւ չենք յաջողիր, որուն հետ չենք ուզեր կապ ունենալ եւ որուն հանդէպ շատ անգամ ատելութիւն ունինք: Ան է մեր թշնամին: Արդ, ատելութիւնը քաղցկեղի կը նմանի, որ մարդը ներսէն կը կրծէ: Վրէժխնդրութիւնը եւ ոխակալութիւնը մեր կեանքը կը թունաւորեն, ստեղծելով մեր սրտին մէջ տեսակ մը անհան•ստութիւն եւ անգոհունակ վիճակ: Եթէ մէկը կ’ատենք, հանգիստ չենք:
Մենք՝ Ս. Աստուածածնի դպրոցին հետեւորդներս, ոչ միայն պարտինք ներել ուրիշներուն, այլ նաեւ քաջութիւն ունենալ իրենցմէ ներում խնդրելու: Պարտինք ներել, քանի որ մենք ալ մեղաւոր ենք եւ տակաւին արդար չենք: Ամէնքս պէտք ունինք ներումի, որովհետեւ ամէնքս՝ այս կամ այն ձեւով ուրիշներուն վնաս կամ նեղութիւն կը հասցնենք, երբեմն ալ առանց իսկ անդրադառնալու:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ինչպէս որ Աստուած մեզ կը սիրէ, նոյնպէս պարտինք միւսները սիրել, որպէսզի ըլլանք Աստուծոյ հարազատ որդիները: Բարի սամարացիին առակին համաձայն, մեր ընկերը՝  մեր ազգականը կամ մեր ծանօթը չէ անպայման, այլ նաեւ օտարականը: Որովհետեւ իսկական եղբայրասիրութիւնը սահման չ’ունի:
Սիրելիներ, եթէ Մարիամ Աստուածածնին դպրոցին աշակերտինք, պիտի սորվինք ինչ ըսել է «բոլոր մարդիկը սիրել», առանց պահանջելու որ նախ անոնք փոխուին որպէսզի զիրենք սիրենք, ինչպէս որ Ան՝ Մարիամ մեզ կը սիրէ առանց պայման դնելու՝ մեզ կը սիրէ ինչպէս որ ենք: Անոր մայրական սէրը որ պայման ու սահման չ‏’ունի թող մեզի առաջնորդէ եւ մեզ հովանաւորէ մեր կեանքի բոլոր օրերը: Ամէն:   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ