Երեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2011 - Նահատակաց հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ

 

Պէյրութ

 

Հովանաւորութեամբ
հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն, երկուշաբթի 25 ապրիլ 2011-ին՝ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Աշրաֆիէի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի (Ճամհուր, Աշրաֆիէ) բակին մէջ Ապրիլեան նահատակներու 96-րդ յիշատակին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ, նախագահութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, առընթերակայութեամբ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահի եւ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի: Այս հոգեհանգստեան արարողութեան իրենց մասնակցութիւը բերին նաեւ Պէյրութի պատրիարքական թեմի կղերը, լիբանանահայ պետական երեսփոխաններ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներ: 

 

Օրուան պատգամը փոխանցեց Պէյրութի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան:

"Յանուն Խրիմեանի, Կոգեանի եւ Տէր Յակոբ Ղարիպեանի:
Խրիմեան Հայրիկ, Խրիմեան հայրի՜կ օգնութեան հասիր թղթէ շերեփիդ կարիքն ունինք ու արցունքի լեզուիդ կը կարօտինք: Խրիմեան Հայրիկի պատմութիւնը լաւ գիտենք: Սեվրի դաշնագրի պատրաստութիւններու ուղղութեամբ ՄԱԿ.ի մեծամեծներուն ըսաւ. «Դո՛ւք, մեծազգի ժողովուրդներ եկած էք երկաթէ շերեփներով ու կը խօսիք մեծ լեզուներ եւ կը հասնիք ձեր նպատակներուն: Բայց մենք եկած ենք թուղթէ շերեփով ու պիտի խօսինք լեզու մը, որ արար աշխարհ կը հասկնայ` արցունքի լեզուն»: Խրիմեան Հայրիկ, իսկ այսօր ի՞նչպիսի շերեփ պիտի առաջարկէիր եւ ո՞ր լեզուն պիտի խօսէիր: Թուղթէ՞. հայերս  այլեւս թուղթ գրեթէ չենք գործածեր: Արցունքի՞ լեզու: Ինչո՞ւ. արցունք մնա՞ց, որ թրջէ հայուն կարմրավարդ այտերը:
Սիրեցեալ մանկութեան յիշատակիս մի՛շտ արթուն մնացող Տէր Յակոբ Ղարիպեան, ի՞նչ ըսեմ շատերուն եւ ինծի սորվեցուցած «Հայ ապրինք, հայ մեռնինք» քեզի շատ սիրելի երգին մասին: Քու ճմռթկած այտերուդ արտայայտութիւնները եւ «հայ» բառին վրայ շեշտաւորումդ մինչեւ այսօր տպաւորուած են մտքիս մէջ, կարծես կը մարգարէանայիր, թէ պիտի ապրինք օրեր, ուր հայեր միայն իրենց սիրելիի մը մահուան եկեղեցական արարողութիւններուն ընթացքին պիտի յիշեն իրենց հայ ըլլալը:
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր,
Արհիապատիւ Գերապայծառ Հայրեր,
Գերյարգելի, Գերապատիւ Վարդապետներ,
Արժանապատիւ Քահանայ եղբայրներ,
Առաքինազարդ Քոյրեր,
Ապրիլեան անմահներուն յիշատակը յարգող յո՛յժ սիրելի եւ պատուարժան հայորդիներ,
Հայ ժողովուրդի արժանավայել ժառանգներուդ եւ իրաւապահպան  հայուն շառաւիղի որդիներուդ պատգամելու առիթ ունենալը պատիւ, պարծանք եւ հեռատեսութեան հրաւէր է:
Ի՞նչ կ'ակնկալէք ինձմէ: Քարո՞զ, բանախօսութի՞ւն, ճառաբանութի՞ւն, պատգա՞մ: Ես ինծի կը հարցնեմ. «Արդեօք ապրիլեան նահատակները պատգամ ունի՞ն մեզի փոխանցելիք, եւ միթէ կարելի՞ է ինծի պէս պարզ Տէր Հայրի մը կողմէ ապրիլեան պատգամաբանութիւն ձօնել»: Մալխասեանց իր «Հայերէն բացատրական բառարան»ին մէջ, ի միջի այլոց կու տայ պատգամ բառին հետեւեալ երկու բացատրականները.-
ա.- Մալխասեանց կ'ըսէ, թէ «Պատգամը պատուէր է, արտայայտուած կամք»: Սակայն քանինե՞ր եւ որո՞նք ականջ կը կախեն մէկու մը արտայայտած կամքին: Եւ կամ որքանո՞վ կը գործադրենք մեր նախնիքներուն, եւ պիտի համարձակիմ ըսել, մեր ժամանակակիցներէն ոմանց պատուէրը:
բ.- Պատգամ կը նշանակէ «Համախօսական վճիռ, որոշում ազգի մը կամ համայնքի մը կողմէ, որ կը մատուցուի իշխանին»: Ապրիլեան շունչով տոգորուածներ, չէ՞ք կարծեր, որ ապրիլեան համախօսական վճիռը ուղղուած մեզի` իշխաններուս, ժամանակավրէպ է: Մեզմէ ո՞վ այսօր իսկապէս պատրաստ է իր կեանքը զոհելու ազգին ու Եկեղեցիին համար: Քանինե՞ր կը համակերպին անձնուիրութեամբ` կեանքին կամ մեծաւորի մը պատգամին:
Ինծի պիտի հակադարձէք. «Ուրեմն եթէ ապրիլեան նահատակները պատգամ չունին, ի՞նչ եկեր ես ընելու»: Ես չըսի, թէ անոնք պատգամ չունին. այլ` կ'ուզեմ անուղղակիօրէն ըսել, թէ դժբախտաբար չկան «ականջներ լսող» եւ շատ քիչեր մնացին պայքարող եւ ապրող աստուածային ու աստուածանման մարդուն պատգամը:
Թերեւս ինձմէ ակնկալէք տոհմային, դժուար բառերով ծնծղային ազգասիրական ճառ մը: Առ այդ` կը մէջբերեմ մեծ եւ աննման Կոգեան Եպիսկոպոսը, որ 73 տարիներ առաջ, 1938ին բացագանչեց. «Ո՞վ չի ճառեր ազգասիրութենէ. բայց որքան քիչեր հարազատ ազգասէրներ են»: Մինչ այս պատգամս կը պատրաստէի, պահ մը մտածեցի, թէ 2011ի լիբանանահայերս որակաւոր ոստում մը կատարած ենք ու անցած` ճառախօսութենէն դէպի ճառագործութիւն: Կոգեանի` Ապրիլեան նահատակներու անգերազանցելի ճառախօսին հարցադրական հրահանգը յստակ է. սոփեստաբան ճառախօսները շատ են, բայց իսկական հարազատ հայերն են քիչ: Առաւել եւս`  ներկայ իրաւիճակին իրապաշտ ակնարկը զիս կը մղէ դժբախտաբար հաստատելու, թէ ոչ միայն քիչեր հարազատ ազգասէր են, այլեւ ազգասիրութիւն ճառախօսողներու ալ կարօտն ու պակասը ունինք այսօր: Ուրիշ բառերով, խնդրեմ զիս ազգուրաց մի՛ որակէք, ո՛չ ալ դատապարտեցէք, հետեւեալ հարցադրականիս պատճառով` «Ինչո՞ւ ազատատենչ, գոյապաշտպան, ինքնազոհ եւ ապագայակերտ երեկուան հայը` այսօր սնապարծ, աթոռակարչ եւ պնակալէզ եղած է»:
Պատմաբան չեմ: Ապրիլեան նահատակներու պատմական անդրադարձ արձանագրելու համար լաւագոյն հասցէն ալ չեմ: Հարց պիտի տաք. «Ինչ եկեր ես ուրեմն ընելու այս սրբանուէր ու սրտասլաց պահուն: Չե՞ս գիտեր, թէ մեր ժամանակը սուղ է»:
Ճիշտ այս բանը եկած եմ ձեզի յիշեցնելու հիմնուելով իմ այսօրուան երրորդութեանս վրայ` Խրիմեանի, Կոգեանի եւ Տէր Յակոբ Ղարիպեանի, եւ խոնարհաբար հրաւիրելու ձեզ իմաստուններու շարքերէն ներս տեղ գրաւելու: Ժամանակ բառի ըմբռնումը լաւապէս ապրիլ եւ օգտաշատապէս լեցնել` ամէն մարդու չէ տրուած, այլ` իմաստուններուն: Ժամանակը իր թեթեւ ընթացքին մէջ, առանց կենալու, փախչելու վրայ է միշտ: Բայց ինքը մինակ չ'երթար, այլ` իր ընթացքին մէջ ինչ բանի որ հանդիպի, մէկտեղ կը յափշտակէ, կը տանի: Այսօր «Ժամանակ»ը կը հռչակեմ որպէս աշխարհի մեծագոյն գողը, որ միշտ անդատապարտ մնացած է: Ո՜հ, միայն այս վերջին տարիներու ընթացքին «ժամանակը» քանիներ գողցած է Հայ ժողովուրդի տիտաններէն: Եւ քանիներ, ժամանակին մէջ ապրող անմիտներուն պատճառով մոռացութեան դատապարտուեցան: Մէ՛կ բան կայ ժամանակին յաղթող, մէ՛կ բան` իմաստութիւնը: Ապրիլեան նահատակներու, ապրիլեան վերապրողներուն իմաստութիւնն է, որ այսօր մեզի հպարտանքի զգացումներով կ'ողողէ ու աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու, ինչպէս նայեւ թշնամի թուրքին նայուածքները ուշադրութեամբ ուղղուած են համայն աշխարհի հայութեան ու Մայր Հայրենիքի վրայ:
Աստուածային Վարդապետս ինծի կը սորվեցնէ թէ «Ամէն բանի ժամանակը կայ. երկրի վրայ ամէն բան իր ժամանակը ունի: Ժամանկը` ծնելու ու ժամանակ մեռնելու... Ժամանակը` լալու ու ժամանակ խնդալու. Ժամանակը` լռելու եւ ժամանակ խօսելու: ժամանակը` սիրելու եւ ժամանակ ատելու...» (Eccl 3): Ես կ'աւելցնեմ թէ ներկան իմաստութեան ժամանակն է եւ կը մերժենք, որ անմտութեան ժամանակը ըլլայ:
Ի՛նչ ըսել Ապրիլ 24ի մասին երբ մարդկօրէն անհնար ու անկարելի է նկարագրել ահաւոր ու անպատմելի վկայաբանութիւնը մէկուկէս միլիոնէ աւելի հայորդիներուն, անմեղներուն, որոնք մեռան զանազան անմարդկային ու գազանային արարքներու զոհերն երթալով: Այս ուղղութեամբ ահաւասիկ, թէ ինչ կ'ըսէ Գրիգորիս Ծ. Վարդ. Պալաքեան իր Հայ գողգոթան գիրքին մէջ. «Եթէ երկրագնդիս բոլոր ծովերը թանաք (մելան), դաշտերը թուղթ եւ եղէգները գրիչ դառնային, դարձեալ մարդկօրէն անհնար է նկարագրել (հայ ազգի) փշալից եւ արիւնալի վերելքը դէպի կատարը հայ գողգոթային»:
Եթէ 451ին Վարդանանց պատերազմը անմահացնող եւ Աւարայրի ճակամարտին ինկած 1036 վկաներու փառքը յաւերժացնելու համար, Եղիշէի մը հայրենաշունչ եւ ոսկեդրուագ գրիչը պէտք էր, ապրիլեան անհամար եւ անլուր տանջանքներով նահատակուած նախահայրերուս խուժդուժ մահերը արձանագրելու համար, գերմարդկային գրիչ մը անհրաժեշտ է :
Գիտակից ըլլալով իւրաքանչիւր մարդու մտքի արտայայտութեան կարողութեան սահմաններուն, ինչպէս նաեւ նման իրականութիւն մը ամբողջովին ներկայացնելու ու արդարացիօրէն պատգամելու անկարելիութեան, ձեզ կը հրաւիրեմ կարդալու Պետրոս Տօնապետեանի «Ձայն տառապելոց» գիրքը, տպուած Բարիզ 1922-ին, որ կը պարունակէ 353 սրտաճմլիկ նամակներ հայերու, որոնք ջարդերուն հետեւանքով իրենց անգութ  իրավիճակին մէջ կը խարխափէին կեանքի յոյսի նշոյլ մը փնտռելով: Կը բաւականանամ մէկ նամակավկայութեամբ քաղուած անոր գիրքէն: Ահաւասիկ, թէ ինչ կը գրէ Մարիամ իր քրոջ զաւկին 1917ի մարտին.
«Սիրլելի եղբայրս,
... Երեք տղայ զաւակ ու մէկ ամուսին աչքիս առջեւ կորուսի զարհուրելի տեսակով. անոնց մարմինը յօշոտեցին: Հայրդ, Ասատուր արդէն մեռաւ... Պզտիկ եղբայրդ, Սարգիս քիւրտերուն մէջ է, կինդ թուրքերը առին, եղբայրդ օրթանճան (միջնէկը) մեռաւ, կինն ալ թուրք առաւ... Սիրելիս, որ մէկը գրեմ այս ծով ցաւերուն... գիշեր ցերեկ կուլամ կ'ողբամ մեր կորուստին վրայ, եւ ինչ պիտի ըլլայ մեր վերջն ալ, չենք գիտեր: Մօրաքուրդ ՄԱՅՐԱՄ»:
Ապրիլ 24 թուական մըն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ ամէն հարազա՛տ հայու: Այո՛, հարազա՛տ հայուն, որովհետեւ շատ անգամներ սիրտս խոցուած է, երբ լսած եմ ցաւօք սրտի, թէ հարազա՛տ հայը պէտք է այլեւս խոշորացոյցով փնտռել: Արդեօ՞ք, հարց կու տամ ես ինծի, ո՞վ աւելի իմաստուն է. մենք`, որ հոս եկած ենք մեր խիղճի առջեւ մեր յարգանքն ընծայելու ու հաւատարմութիւն խոստանալու մեր նախնիքներու ուխտին, թէ` անոնք, որոնք իրենց պատճառաբանութիւնները ունենալով, իրենց ժամանակը «կը լեցնեն» այսպէս ասաց «օգտակար բաներով»: Կը բաւականանամ Բանաստեղծին յանդուքն խօսքով` «Այսքան չարիք թէ մոռնան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հային կարդայ նախատինք»: Ներեցէ՛ք, եթէ ըսեմ թէ կը կարծեմ եթէ այսօր Սիամանթօն ողջ ըլլար «Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, երեսիդ թքնեմ»ին տեղ, ուրիշ բան մըն ալ պիտի աւելցնէր անոնց հասցէին:
Ջարթ, սպա՛նդ, եղեռն, աղէտ, ցեղասպանութիւն: Բառեր, որոնք այլեւս սովորական կը հնչեն մեր ականջներուն: Ո՜հ, ի՞նչ սիրտ պէտք է ունենալ զանոնք խորապէս հասկնալու: Ոմանք կը հաւակնին ամենագէտ ըլլալ ու անզգամ կը մնան: Աւա՜ղ, այլեւս բառերն անգամ իրենց արժէքը կորսնցուցած են եւ իրականութիւնը չեն յայտներ իմաստազուրկ ու անմիտ մարդոց:
Կ'ըմբռնե՞նք արդեօք, կը հասկնա՞նք արդեօք 96 տարիներ ետք ինչ ըսել է ջարդ. օրերով անօթի ու ծառաւ մնալ. ակնատես ըլլալ սիրեցեալի բռնաբարական մահուան. օրիորդին կուսութիւնը պղծել: Պատահա՞ծ է արդեօք, որ այնքան լացած էք, որ այլեւս արցունք չմնայ սոսկալով մահէն ու վախնալով գազանամարդին կուրութենէն: Նազլեան Գերապայծառ իր յուշերու մէջ կ'ըսէ. «Թշնամին ըրաւ ամէն ինչ, որ ո՛չ պատմութեան եւ ո՛չ ալ բառարաններուն մէջ անուն ունի»:
Ապրիլ 24,
Դէպքը սարսափելի է,
Օրը սեւ ամպով ծածկուած,
Գիրքը` իրականութիւն,
Էջերը` արիւնաթաթախ,
Գրութիւնը` հայատառ,
Պարունակութիւնը` ահռելիօրէն սոսկալի:
Կը սոսկամ... Շատ կը վախնամ Ապրիլ 24-ը գիրքի նմանցնելու: Որովհետեւ եթէ Ապրիլ 24-ը գիրք ըլլար` հրատարակութեան թուական ճշտելու եւ հեղինակը բնորոշելու դժուարութիւն պիտի ունենայի: Այո՜, ապրիլ 24-ը ամէն տարի կը վերհրատարակուի. անոր հեղինակներն ալ կը փոխուին: Զիս մահուան մի դատապարտէք, եթէ ըսեմ թէ Ապրիլ 24-ի հեղինակը` յաճախ հայն է:
Ապրիլեան պատմագրութեան առաջին էջերէն սկսի՞մ: Ընդունինք թէ թշնամի թուրքը դիւանական իմաստութեամբ օժտուած է: Որովհետեւ իր դիւանային, գազանային արարքը յաջողցնելու համար սկսաւ նախ 600-է աւելի մտաւորականներու սպաննութեամբ: Իսկ եթէ այսօր կրկնելու ըլլար նման ջարդ մը, արդեօ՞ք թո՛ւրքը եթէ նոյն միջոցառումի դիմէր լուրջ դժուարութեան պիտի չհանդիպէ՞ր:
Հապա ինչ ըսել այն իրականութեան մասին, թէ փոխանակ Հայաստանը բազմածնութեամբ լեցնէր հարիւր հազարաւոր մարտիրոս նահատակ զաւակներուն տեղը, կ'իմանամ, թէ Հայաստան Մայր Հայրենիքէն ներս տարեկան տեղի կ'ունենան մօտ 160.000 վիժումներ: Հայ փափկասուն կիներ` միջին հաշուով 10էն աւելի վիժում կ'արձանագրեն: Պարզ թուաբանական հաշիւով կը նկատենք թէ այս ընթացքով տաս տարուան տեւողութեան մէջ կ'արգիլենք մօտ  1.600.000 անմեղ հայորդիներու որ ծնին ու աշխարհ լոյս տեսնեն: Վայ մեղսակից ջարդարարներուն:
«Մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու սուրբ յիշատակը յարգել հաւաքականօրէն` երախտագիտութիւն է» կ'ըսէ ժամանակակից Տօքթ. Եաբուճեանը: Այո', մենք կը պարծենանք Ապրիլ 24-ով, մե'ր նահատակներով: Լաւ որ Ապրիլ 24 մըն ալ կայ եղեր, որպէսզի գոնէ տարին մէկ անգամ հպարտանանք մեր հայ ըլլալով: Չի՛ մոռնանք թէ անոնք մեռան, որ մենք ապրինք: Անոնք մեզի կը հարցնեն. «Ի՞նչ ըրիք մեր կտակով»: Վա՜յ ինծի եթէ թուրքին դիմակը հագնիմ: Հաստատ իմանանք, թէ մեր նահատակները պէտք չունին մեր խունկին ու աղօթքին, այլ` այդ մեր յարգանքի տուրքի ընծայումն է: Անոնք անմահացած են երկրի վրայ ու երկինքի մէջ: Ապրիլ 24-ը` մեռնիլ 24 չէ: Թող միշտ վառ մնայ անմահ նահատակներուն յիշատակը:
Այս բոլորը ճիշտ են: Սակայն գիտակից եմ, թէ ձեզմէ շատեր կը պահանջեն, որ իրապաշտ ըլլամ: Իրականութիւնը ըսուելու է: Ապրիլեան նահտակները իրապաշտութեան դպրոց ու ներշնջարան են: Անոնք նախընտրեցին ապրիլ մեռնելով քան թէ մեռնիլ ապրելով:
Անոնց` Ապրիլեան նահատակներուն պատգամը, զոր այսօր կը հռչակեմ իմաստուն ըլլալ է: Ըլլա՛նք 21րդ դարի Խրիմեան հայրիկը: Տա՛նք գալիք սերունդներուն յարմար շերեփն ու փրկարար լեզուն: Չբաւականանանք հպարտանալով մեր հայածնութեամբ, այլ ուխտենք` «Հայ ապրինք, եւ հայ մեռնինք»: Այս ուղղութեամբ, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը իր վերջին Հայրապետական Պատգամին մէջ «վաւերական»ութիւն  պահանջելով հետեւեալ եզրակացութեան կը յանգի. «Հաստատ կը հաւատանք, որ միայն ու միայն հայ վարժարանի ու հայկական շրջանակի մը մէջ կրթուելով է` առանց ինքնակղզիացումի մղձաւանջէ տարուած ըլլալու, որ մեր սփիւրքը կարող է գոյատեւել ու յաղթահարել ձուլումի անողոք եւ հեղձուցիչ յորձանուտը»:
Թող ապրի՛ անոնց անմահ յիշատակը: Թող յաւերժ ապրին այս օրերու հայապահպանները: Թող յաւերժանան հայ ազգին եւ Եկեղեցիին կոգեանաշունչ հարազատները: Վերջապէս, ուխտենք անոնց կտակին` մեր հաւատարմութիւնը, մեր գործադրումը":

 Պատարագէն ետք ներկաները, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին, ուղղուեցան դէպի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի բակը եւ հաւաքուեցան Մեծ Եղեռնի նահատակներու յուշակոթողին շուրջ, ուր ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօնը: Ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում, շեփորախումբի մահուան քայլերգին ընկերակցութեամբ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ