Հինգշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2007 - Հայաստանի Սուրիոյ Մօտ Դեսպանը Այցելեց Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը

 

 
Դամասկոս, Սուրիա
 

19 Հոկտեմբեր 2007 ին, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան այցելեց Հայաստանի հանրապետութեան Սուրիոյ մօտ նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պարոն Արշակ Փոլատեանը: Պարոն Դեսպանին ընդունեց Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Արհի. Յովսէփ Եպս. Առնաութեանը Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդը ու հիւրաբար քաղաքս գտնուող Արհի. Մանուէլ Եպս. Տապպաղեանը Առաջնորդ Իրաքի Կաթողիկէ Հայոց: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու անդամներ՝ որոնց շարքին Հայ Կաթողիկէ Միութեան խորհուրդի ու Տիկնանց վարչութեան վարչականներ:  Հանդիպման  ներկայ  էին նոնյպէս համայնքի զաւակներէն՝ Րիմոն Քալբաքժին, Թայլանտի թագաւորութեան պատուոյ հիւպատոսը եւ Անթուան Ամիրզան՝ Պելճիքական դեսպանատան առեւտրական կցորդը: Պարոն Փոլատեան իր պաշտօնը ստանցնեց Դամասկոսի մէջ Հոկտեմբեր 7 ին եւ շատ շուտով ան զանազան հանդիպումներ ունեցաւ Դամասկահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Ան վարած է զանազան կարեւորագոյն պաշտօններ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան մէջ: Աւելի քան մէկ ու կէս ժամուայ  խօսակցութիւնը առիթ ընծայեց Գերապայծառ տիրոջ բարի գալուստ մաղթելու Պարոն Դեսպանին, ներկայացնելով Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող միութիւններն ու կրթական հաստատութիւնները ու շեշտելու Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ու Առաջնորդարանի հանձնառութիւնը օգտակար ըլլալու դեսպանութեան, ինչպէս միշտ: Գերապայծառ տէրը շատ կարեւոր նկատեց այն դերը որ պիտի ունենայ Դեսպանը Սուրիոյ ու Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացին մէջ, նոյնպէս ան խնդրեց որ Դեսպանը իր կարելին ընէ Դամասկահայութեան միասնականութեան ի խնդիր, ապա ան պարոն Դեսպանին որպէս յիշատակ նուիրեց մետալ մը ու նահատակ Մալոյեան Եպիսկոպոսի վարքին մասին գիրք մը : Դեւպան Փոլատեանը իր խօսքին մէջ նշեց թէ միշտ մասնաւոր յարգանք ու սէր ունեցած է Հայ Կաթողիկէ համայնքին ու անոր ազգանուէր գործունէութեան նկատմամբ: Ան հաստատեց թէ ինք  հայկական պատկանելիութիւնը  գերիվեր կը նկատէ եւ իր կարելին պիտի ընէ  Սուրիոյ հայութեան օգտակար դառնալու: Ան մեծագոյն դրուատիքով արտայայտուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ հիմնական դերակատարութեան՝    հայապահպանման աշխատանքներուն  սփիւռքի մէջ: Հանդիպումը աւարտեցաւ նոյնքան  ջերմ, անպայմանօրէն  հանդիսանալով օգտաշատ ու արդիւնաւէտ յարատեւ գործակցութեան նոր խթան մը Հայ Կաթողիկէ համայնքի ու Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան միջեւ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ