Ուրբաթ, 4 Ապրիլ 2008 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը Մեկնի Երեւան

Հաղորդագրութիւն

Երկուշաբթի՝ 7 Ապրիլ 2008ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կը մեկնի Երեւան, ընկերակցութեամբ Գերապայծառ Հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Միաբանութեան եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր:
Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւոր գործունէութիւնը պիտի ըլլայ մասնակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահի՝ Տիար Սերժ Սարգսեանի նախագահական երդման արարողութեան: Հոգեւոր Տէրը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի կղերական դասի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ գործող վարդապետներուն եւ մայրապետներուն հետ: 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր նստավայրը պիտի վերադառնայ Ապրիլ 11ին:

Պէյրութ, 3 Ապրիլ 2008

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ