Պուրճ Համուտ, Լիբանան
Երեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2010-ի առաւօտեան Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի բակը աշխոյժ եռուզեռ կը տիրէր։ Վերամուտն էր 2010-2011 ուսումնական տարեշրջանի։ Մանկապարտէզի շրջափակին մէջ հաւաքուեր էին աւելի քան 243 մանուկներ, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ։
Դպրոցական տարեշրջանի առաջին օրը միշտ իւրայատուկ կÿըլլայ։ Այդպիսին էր նաեւ այս օրը։ Առաջին օրը մանուկներուն համար խոստումնալից ու տպաւորիչ դարձնելու նպատակով, վարժարանիս տնօրէնութեան հրաւէրով մանուկները զուարճացնելու եկած էր գաղութիս ծանօթ □Բարի տարեդարձ□ խումբը։ Երգն ու պարը, եւ անոնց ընկերացող ուրախ ծիծաղը բարձր տրամադրութիւններ կը ստեղծէին շուրջբոլոր, իսկ ուրախ կերպարները՝ նապաստակը եւ ծաղրածուն կը շրջէին շրջափակին մէջ, անմիջական շփումի մէջ մտնելով մանուկներուն հետ։ Անոնք դպրոցական այդ օրը պիտի անցընէին իրենց ծնողքին հետ միասնաբար մինչեւ կէսօրուան ժամը 11։00, որմէ ետք պիտի մեկնէին դպրոցէն, իրենց հետ տանելով գունաւոր փուչիկները՝ իբրեւ վերամուտի նուէր։ Աւելի քաղցրացնելու համար օրը, մանուկներուն մանկապարտէզի տնօրէնութիւնը բաժնեց նաեւ քաղցրահամ շաքարներ։
Մէկ անգամ եւս կը մաղթենք բարի վերամուտ Մեսրոպեան մանկապարտէզի բոլոր մանուկներուն։
Տեսչական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի