Երեքշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2008 - Վերամուտ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Գ. Հարպոյեան Վարժարաններու 2008-2009 Ուսումնական Տարեշրջանի

Լիբանան

 
16 Սեպտեմբեր 2008ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը հաւաքուած էին, բացումը կատարելու նոր ուսումնական տարեշրջանին:
 

Ըստ աւանդութեան, առաւօտեան ժամը 9:00ին պաշտօնեաներն ու ուսուցիչները ներկայ եղան յատուկ վերամուտի առիթով, Ս. Փրկիչ եկե¬ղեցւոյ մէջ Տէր Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեանի կողմէն մատուցուած Ս. Պատարագին, որմէ ետք ներկաները տեղափոխուեցան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարան, գումարելու համար վերամուտի ընդհանուր ժողովը:
Վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստի, բարի վերադարձ մաղթեց բոլորին: Ան իր զեկոյցին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ վարժարանի վերջին հինգ ուսումնական տարիներու պետական քննութիւններու արդիւնքներուն, կարեւոր նկատելով եւ յոյս յայտնելով, որ նոր ուսումնական տարեշրջանին այդ արդիւնքները աւելի կը բարելաւուին:
Խօսելով վարժարանի աշակերտութեան թուաքանակին մասին, ան նկատել տուաւ որ վարժարանին մէջ կÿուսանին տարբեր յարանուանութիւններու պատկանող ընտանիքներէ եկող աշակերտներ, ինչպէս նաեւ ազգութեամբ արաբ աշակերտներ: Սակայն ան շեշտեց որ վարժարանը ըլլալով հայկական է եւ պատկանելով Հայ Կաթողիկէ համայնքին, հետեւաբար տնօրէնութիւնը երկու պայմանով կÿընդունի օտար աշակերտնե¬րը: Այդ պայմաններէն մէկը այն է, որ իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք է պարտադիր հետեւի հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասընթացքներուն, ինչպէս նաեւ կրօնագիտութեան:
Յատուկ եւ բարձր գնահատանքի արժանացաւ Ովասիս 2008ը, որուն շնորհիւ 2008-2009 տարեշրջանին արդէն իսկ վարժարանը ձեռք բերած է բազմաթիւ նոր աշակերտներ:
Ներկայացնելէ յետոյ վարժարանէն ներս տիրող օրինակարը, Պր. Կրէկուար Գալուստ ջերմօրէն ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Մեսրոպեանի ընտանիքին միացած նոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն:
 
Ան ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց կարեւոր կէտեր, որոնք պէտք է յարգուին վարժարանէն ներս սահմանելու համար կատարեալ կարգ ու կանոն ինչպէս աշակերտներու, այնպէս ալ ուսուցչական կազմերու կողմէն, յատկապէս աշխատանքային ուշացումներու, բացակայութիւններու հետ կապուած նոր կանոններու մասին խօսելով:
Պր. տնօրէնը խօսեցաւ յառաջիկայի կատարուելիք ծրագիրներու մասին: Կը նախատեսուի եկող Հոկտեմբեր ամսուն վարժարանի ուսուցչուհիներէն Տիկ. Գարոլին Թերզեանի մեկնումը Իտալիա, ուր ան պիտի զբաղի ուսումնասիրութիւններով, որոնք ապագային օգտակար պիտի դառնան վարժարանի դպրոցական կեանքի կազմակերպման եւ թէ՛ դաստիարակութեան որակի բարձրացման համար:
Իսկ վարժարանէն ներս բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն առիթը պիտի տրուի համակարգիչէն օգտուելու կանոններուն ծանօթանալ, քանի որ բոլոր աշխատանքները այլեւս պիտի ընթանան համակարգչային ներքին կապի միջոցով:
Իր խօսքի աւարտին, տնօրէնը պատասխանեց ներկաներուն հարցերուն, այնուհետեւ ուսուցիչներուն կոչ ուղղելով որ տարին սկսին համագործակցութեան ոգիով եւ յաւելեալ եռանդ ի գործ դնեն՝ լաւապէս կատարելու համար դաստիարակութեան առաքելութիւնը:
Փոքր դադարէ եւ հիւրասիրութենէ ետք, տեղի ունեցան առանձին բաժանմունքներու ժողովներ, որոնց աւարտին վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը յիշատակի նկար մը նկարուեցան դպրոցի շրջափակին մէջ՝ Ս. Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ:

 
Իսկ Շաբաթ 27 Սեպտեմբեր 2008ին, Գ. Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու պաշտօնէութիւնը մասնակից դարձան միօրեայ սեմինարին, Զմմառու վանքին մէջ, որ կը նպատակադրէր վերամշակել վարժարանին կրթական համակարգը:
 

Առաւօտեան ներկաները  մասնակցեցան Ս. Պատարագին, որու ընթացքին վանքի մեծաւոր հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վ.  Մուրատեան իր պատգամը փոխանցելով ներկաներուն «աստուածահաճոյ ասպարէզ» համարեց ուսուցչական ասպարէզը, ի մտի ունենալով, որ ուսուցիչ անհատը, յատկապէս հայ ուսուցիչը կը մարմնաւորէ անշահախնդիր տալու, նուիրուելու առաքելութիւնը:
Պատարագէն ետք, միաբանութեան լսարանին մէջ սկիզբ առաւ միօրեայ սեմինարը: Վարժարանի Տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտոց անհրաժեշտութիւնը քայլ պահելու արդի կրթական պայմաններուն հետ:
Սեմինարի ընթացքին շեշտը դրուեցաւ հիմնականօրէն երեք կենսական նկատուող կէտերու վրայ. նախ՝ անհրաժեշտութիւն համարուեցաւ ուսուցիչներու վերապատրաստման հարցի քննարկումը, ապա՝ կարեւոր նկատուեցաւ ուսումնական ծրագրի համադրումը, ինչպէս նաեւ վարժարանէն ներս ստեղծել կարգապահական իւրայատուկ համակարգ: Համադրողական աշխատանքին ու տնօրէնութիւն¬ուսուցչական կազմ համագործակցութեան որպէս արգասիք, հայ աշակերտին մօտ պիտի զարգանայ մարդկային, հոգեկան, բարոյական ու մտային գիտակցութիւնը:
Սեմինարի օրակարգի գլխաւոր կորիզը կը բաղկանար կրթական¬դաստիարակչական ու կարգապահական հիմնահարցերը, որոնք կը հանդիսանային վարժարանին հեզասահ ընթացքին եռոտանին:
- Ուսուցիչ¬ծնողք փոխ յարաբերութիւն
- Ուսուցիչ¬ուսուցիչ փոխ յարաբերութիւն
- Դպրոցական կանոններու հետեւողական կիրարկում
 
Տնօրէնուհի  Ռիթա Պոյաճեան ուրախութեամբ ողջունելէ ետք բոլորին ներկայութիւնը, բարի գալուստ մաղթեց ուսուցչական կազմին  միացող նոր ուսուցիչներուն, հաւատալով որ անոնք իրենց լաւագոյնը ներդրելով ու համագործակցութեան բարձր ոգիով պիտի սատարեն վարժարանի վերելքին:
Սեմինարի եզրափակիչ հանգրուանին, դասանիւթերու բաժանմունքներու պատասխանատուներ ներկայացուցին իրենց զեկուցումները եւ տարեկան ծրագրի ծիրէն ներս ընդ•րկուելիք նորարարութիւններու մասին:
Տնօրէնուհին պատուեց այն ուսուցիչները, որոնք անցեալ տարեշրջանի աւարտին, պետական քննութիւններու արդիւնքներու լոյսին տակ իրենց դասաւանդած դասանիւթերը ապահոված էին բարձրագոյն միջինները:
Միօրեայ սեմինարէն ետք, ներկաները առիթ ունեցան շրջագայելու Զմմառու վանքի թանգարանն ու մատենադարանը, ինչպէս նաեւ վերջերս վերանորոգուած գինեմարանը:
Վստահ ենք Հայ ուսուցիչներ աւելի խանդավառ ու բարձր տրամադրութեամբ պիտի դիմաւորեցին վերամուտը եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ  պիտի դիմագրաւեն նոր տարեշրջան մը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ