Երկուշաբթի, 13 Մայիս 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Կը Քարոզեմ «Յիսուսը, Որ Վերացաւ Դէպի Երկինք…»

Սիրելի՛ ընթերցող, այո՛, կը քարոզեմ, թէ խաչեալ եւ յարուցեալ «այս Յիսուսը, որ ձեզմէ վերացաւ դէպի երկինք, պիտի գայ նոյնպէս, ինչպէս տեսաք զինք, որ երկինք գնաց» (Գ. Առ. 1,11):
Երկու օրէն կը տօնենք հրաշափառ համբարձումը` յարութիւն առած Խաչեալին, որ առաքեալներու եւ աշակերտներու ներկայութեան վերացաւ երկինք (Ղկ. 24,50-53):

Խաչելութիւնն եթէ պատահած դէպք է, եւ եթէ յարութիւնը պատմական է, եւ ե՛ն, ապա կը բնորոշուի մեր Տիրոջ համբարձումին պատմականութիւնը:
Ճիշդ է, որ մեր կրօնը յայտնեալ ճշմարտութիւններուն վրայ հիմնուած կրօնն է միակ, բայց նոյնքան ճիշդ է, որ մեր կրօնը կազմաւորուեցաւ պատահած ու պատմական դէպքերէն:

Թէ՛ ճշմարտութիւններուն եւ թէ՛ դէպքերուն կեդրոնն է Յիսուսի խաչելութիւնը, որով փրկեց մեզ, Յիսուսի յարութիւնը, որով կենագործեց մեզ, եւ Յիսուսի համբարձումը, որով երաշխաւորեց մեր հոգեկան ու մարմնական յաւիտենականութիւնը:
Քրիստոսի խաչը մեր փրկութիւնն է: Քրիստոսի յարութիւնը մեր կեանքն է: Քրիստոսի համբարձումը մեր փառքն է:
Չէինք ունենար Յարուցեալը, եթէ չըլլար Խաչեալը: Չէինք ունենար Համբարձեալը, եթէ չըլլար Յարուցեալը:
Իսկ եթէ գոյութիւն չէ ունեցած եւ չունի խաչեալ, յարուցեալ, համբարձեալ Տէրը, ապա Ս. եկեղեցիին քարոզութիւնը ընդունայն է, ընդունայն է նաեւ մեր կրօնը:
Իսկ եթէ գոյութիւն չէ ունեցած եւ չունի խաչեալ, յարուցեալ, համբարձեալ Տէրը, ապա Ս. եկեղեցիին վարդապետութիւնը ապարդիւն է, ապարդիւն է նաեւ մեր հաւատքը:
Իսկ եթէ գոյութիւն չէ ունեցած եւ չունի խաչեալ, յարուցեալ, համբարձեալ Տէրը, ապա առաքեալները ստախօս վկաներ են, ստախօս են նաեւ մեր սուրբ հայրերը:
Իսկ եթէ գոյութիւն չէ ունեցած եւ չունի խաչեալ, յարուցեալ, համբարձեալ Տէրը, ապա ինչո՞ւ կը մկրտուինք միւռոնուած ջուրին մէջ:
Իսկ եթէ գոյութիւն չէ ունեցած եւ չունի խաչեալ, յարուցեալ, համբարձեալ Տէրը, ապա «ինչո՞ւ մենք ալ նեղութիւններ կը կրենք եւ ամէն ժամ կը մեռնինք» (1Կոր. 15,30):
Իսկ եթէ գոյութիւն չէ ունեցած եւ չունի խաչեալ, յարուցեալ, համբարձեալ Տէրը, ապա «ուտե՛նք, խմե՛նք եւ պարե՛նք, քանի որ վաղը պիտի մեռնինք ու պիտի անէանանք»:
Իսկ եթէ գոյութիւն չէ ունեցած ու չունի խաչեալ, յարուցեալ, համբարձեալ Տէրը, եւ «եթէ մեր յոյսը Քրիստոսի վրայ միայն այս կեանքին համար է, ապա մենք բոլոր մարդերուն մէջ ամէնէն ողորմելիներն են» (1Կոր. 15,19):
«Բայց ո՛չ, Քրիստոս յարութիւն առաւ» (1Կոր. 15,20):
«Խաչուածը յարութիւն առաւ» (Մրկ. 16,6):
«Ինչո՞ւ ողջ Մարդը կը փնտռէք մեռելներուն մէջ. գերեզմանին մէջ չէ, յարութիւն առաւ» (Ղկ. 24,9):
«Դուք մի՛ վախնաք, գիտեմ, որ կը փնտռէք Յիսուսը` Խաչեալը, հոս չէ, յարութիւն առաւ, ինչպէս որ ըսած էր ձեզի: Եկէ՛ք, տեսէ՛ք տեղը, ուր դրուած էր» (Մտթ. 28,6):
«Արդարեւ, Տէրը յարութիւն առաւ եւ երեւցաւ Սիմոնին» (Ղկ. 24,34):
Ա՛յս է պատմութիւնը Ս. Գիրքին, որ Աստուծոյ Խօսքն է:
Ա՛յս է վարդապետութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին, որ տանջուած հայրն է մեր հաւատքին:
Ա՛յս է հոգեկանութիւնը Սահակներու եւ Մեսրոպներու, որոնք կը լուսաւորեն մեր ներաշխարհը:
Ա՛յս է տեսիլքը Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց մարտիրոսներուն, որոնք գրաւականն են մեր յաղթութեան:
Ա՛յս է ուսուցումը Գրիգոր Նարեկացիին, Ներսէս Շնորհալիին եւ Ներսէս Լամբրոնացիին, որ եռանկեան սիւներն են մեր աստուածաբանութեան:
Ա՛յս է հաւատքը հայ նահատակներուն, որոնք մեզ կը դարբնեն իրենց իտէալով:
Ա՛յս է պատգամը հայ սրբատաշ վանքերուն եւ եկեղեցիներուն, որոնք կը բարձրացնեն մեր սրտերը Անհունին:
Ա՛յս է ղօղանջը հայ զանգերուն եւ սարերուն, որոնք կ՛արձագանգեն մեր էութեան խորերը:
Ա՛յս է երգը հայ երաժիշտներուն, որոնք կ՛եղանակաւորեն մեր հոգիները:
Ա՛յս է գիրը հայ բանաստեղծներուն, որոնք կը հրճուեցնեն մեր մտաշխարհը:
Ա՛յս է գոյնը հայ գեղանկարիչներուն, որոնք կը վրձինեն մեր հորիզոնը:
Ա՛յս է քարը հայ ճարտարապետներուն, որոնք կը կռանեն մեր կամքը:
Ա՛յս է զէնքը հայ ազատամարտիկներուն, որոնք կը բեղմնաւորեն մեր հողը:
Ա՛յս է յոյսը հայ ապրիլեաններուն, որոնք կը յաւերժացնեն մեր «փոքր ածուն»:
Ա՛յս բոլոր հայերը, արդարեւ, գիտէին, թէ Սուրբ Գիրքին համաձայն Յիսուս յարութիւն առաւ մեռելներէն եւ «Ան առաջին պտուղն է ննջեցեալներուն», որոնք «պիտի վերապրին Քրիստոսով», քանի Ան է Խաչեալը, Յարուցեալը, Համբարձեալը:
Յիսուսի խաչելութեան աւարտն է Քրիստոսի յարութիւնը, որուն լրումն է համբարձումը Աստուածամարդուն: Ան իր խաչելութեամբ մեղքը զգետնող, իր յարութեամբ մահը գերեզմանող եւ իր համբարձումով երկինքը բացող Տէրը կը յայտարարէ արար աշխարհին. «Հաւատացողը պիտի փրկուի, իսկ չհաւատացողը պիտի դատապարտուի» (Մրկ. 16,16):
Հաւատացողներու աստղահոյլին մէջ ըլլալ ու մնալ փափաքելով` կը դաւանիմ ամբողջ սրտովս, մտքովս եւ կեանքովս, թէ «Ինք` Տէր Յիսուս … համբարձաւ երկինք եւ բազմեցաւ Աստուծոյ աջ կողմը» (Մրկ. 16,19):
 
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 7 մայիս 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ