Հինգշաբթի, 11 Յուլիս 2013 - Վանի 1700-ամեայ Սուրբ Բարթողիմէոս եկեղեցին վերաբացուած
Թուրքիա

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վանի Բաշքալա շրջանին մէջ գտնուող 1700-ամեայ Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցին վերաբացուած է, երբ այդ տարածքէն հեռացած է թրքական զօրամասը: Նախապէս եկեղեցին ապահովական նկատառումներով փակուած էր, որովհետեւ կը գտնուէր նշեալ զօրամասի տարածքին մէջ:
Շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համար նախատեսուած զօրամասը կը գտնուէր Իրանի սահմանէն 23 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ այդտեղ տեղակայուած էր 31 տարի առաջ: Սակայն այժմ, քիւրտերուն հետ տագնապի լուծման փուլի ծիրէն ներս, զօրամասը գիւղական տարածքներէն դուրս բերուած է:
Շրջանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան ղեկավար Մուզաֆֆեր Աքթուղ «Անատոլու»ին պատմած է, որ Գ. դարուն կառուցուած եկեղեցին երկար ժամանակ լքուած ըլլալուն պատճառով փլուզման եզրին յայտնուած է:

Ան նշած է, որ վերակառուցման աշխատանքները կը շարունակուին, եւ իրենք կը փափաքին շրջանի բոլոր պատմական վայրերը բանալ զբօսաշրջութեան համար:
Զօրամասին հեռացումէն ետք եկեղեցւոյ անվտանգութիւնը ապահովող Մեսութ Այտըն յոյսով է, որ եկեղեցին վերակառուցուելէ ետք լաւ տեսք ունենայ եւ նպաստէ զբօսաշրջութեան զարգացման:

«Մենք` իբրեւ այս տարածքներուն մէջ ապրող գիւղացիներ, կ'ուզենք, որ անիկա շուտով վերակառուցուի: Այդ աշխատանքները մեզի համար շատ կարեւոր են», ըսած է ան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ