Գահիրէ
Աղեքսանդրիոյ Թեմի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Գրիգոր Օգոստինոս Գուսան եպիսկոպոս, սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ իր մօր՝ հանգուցեալ Լորէթ Ժորժի Գուսայի հոգւոյն համար, կիրակի 14 դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Սրբուհի Թերեզա Մանկան Յիսուսի» եկեղեցւոյ մէջ, Գահիրէ:
Հայ կաթողիկէ համացանցային կայքի տնօրէնութիւնը եւ աշխատակազմը խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեն Գերապայծառ տիրոջ եւ կը միանան անոր աղօթքներուն: