Դամասկոս
Դամասկոսի մէջ Մեծ Եղեռնի 97-րդ տարելիցի ոգեկոչման համար միջ համայնքային եւ միութենական միացեալ յանձնախումբի հովանաւորութեամբ, 24 ապրիլ 2012-ի առաւօտեան սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ ի յիշատակ ապրիլեան նահատակաց, ապա գլխաւորութեամբ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանի, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. Յովսէփ եպս Առնաութեանի, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Դոկտ. Արշակ Փոլատեանի, ինչպէս նաեււ հոգեւոր հայրերու ու միութենական պատասխանատուներու բազմաթիւ դամասկահայեր ուղղուեցան ազգային գերեզմանատուն, ուր նահատակաց յուշակոթողին առաջ ամէն հայորդի զետեղեց ծաղիկ մը, ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու աւարտին խօսք առաւ պատուելի Սիմոն տէր Սահակեանը, ներկայացուցիչը Սուրիոյ հայ աւետարանական Եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին։ Պատուելին ամփոփ տողերու մէջ խտացուց նահատակութեան խորհուրդը, հայութեան վերապրելու կամքն ու պահանջատիրութիւնը։
Երեկոյեան, հայ կաթողիկէ «Թագուհի Տիեզերաց» եկեղեցւոյ մէջ հայր Գէորգ վրդ. Պահէեան մատուցանեց սուրբ Պատարագ եւ տուաւ պատշաճ քարոզ մը հանդիսապետութեամբ գերապայծառ տիրոջ, ներկայութեամբ համայնքապետերու, հոգեւորական հայրերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանին ու դիւանագիտական անձնակազմին։ Յետ Պատարագին, ՀԿՄ Պատանեկանի անդամները ջահեր շալկած առաջնորդեցին ներկաները, որոնք թափօր կազմած ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող նահատակաց յուշակոթողին, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Այնուհետեւ Ամինեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի 97 ամեակի նուիրուած յուշահանդէսը։ Օրուայ հանդիսավար Առնօ Քէշիշեան կատարեց բացման խօսքը նշելով թէ արդէն անցած է ընկճուածութեան ժամանակը եւ հարկ է եթէ ունինք տակաւին կամքը գոյատեւելու, կառչած մնալու մեր իրավունքներուն եւ յաղթանակելու մեզի պարտադրուած այսօրուայ գոյամարտներուն։
Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանը փոխանցեց ներկաներուն իր պատգամը, Յարութեան լոյսին տակ ոգեկոչելով նահատակները, որոնք մարտիրոսացան իրենց հաւատքին համար։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ներկայացումներ։
Յուշահանդէսին բանախօսն էր Տիկին Պայծիկ Գալայճեանը, գլխաւոր խմբագիրը ՌԱԿ-ի «Զարթօնք» պաշտօնաթերթի, որ մասնաւորապէս ժամանած էր Պէյրութէն։
Տիկին Գալայճեանի բանախօսութիւնը խորագրուած էր «Պահանջատիրութեան ոգին փոխանցենք գիտակցօրէն»։ Ան իր բանախօսութիւնը սկսաւ հաստատելով այն իրողութիւնը թէ մեր զաւակներու. զարգացումը ու կեանքի ընկալումը պայմանաւորուած են այն փորձառութեամբ. տեղեկութիւններով ու գիտելիքներով զոր ծնողը կը յաջողի փոխանցել անոնց ամենափոքր տարիքէն սկսեալ։ «Չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ թէ մանաւանդ կեանքի առաջին 6-7 տարիներու ընթացքին մեր փոխանցածին որակով կը պայմանաւորուի փոքրիկին ապագայ ճակատագիրը…. Յարարահոս եւ յարաճուն փոփոխութիւններու ենթարկուող այս աշխարհին մէջ մեր զաւակները պէտք է ներկայանան ինքնորոյն կեցուածքով, հայու կոփուած ու տոկուն նկարագիրով» ըսաւ ան։ Յարգարժան բանախօսը հաստատեց թէ մեր պատմութիւնը մեր անցեալը որպէս թանկագին գործօն պէտք է ձեւաւորէ մեր զաւակներուն անձնաւորութիւնը քանի մեր կեանքին փորձը լոյս կը սփռէ աշխարհին, որովհետեւ մեր հայ ժողովուրդի պատմութիւնը համայն մարդկութեան համար. շինիչ, հարուստ, եզրակացութիւններու տանող իրադարձութիւններով լեցուն գանձ մըն է։ Իր կատարած ընդհանրացումներուն որպէս օրինակ, ցեղասպանութեան 97 ամեակի ոգեկոչման այս օրերուն ան ներկայացուց Ռափայէլ Լեմքին Լեհ իրաւաբանի օրինակը որ եղաւ առաջինը 1933 թուականին որ օգտագործեց ցեղասպանութիւն «Gnocide» եզրը։ Այնուհետեւ ան մանրմասնութեամբ ներկայացուց Լեմքինի ցեղասպանութեան սահմանման մասին կատարած ուսումասիրութիւնները եւ թէ ինչպէս ան հայկական ցեղասպանութիւնը օրինակ բերած էր իր կատարած բնութագրումներուն մէջ ու յառաջիկային ցեղասպանագիտութեան մէջ միշտ նշուած է հայոց անպատիժ մնացած «Մեծ եղեռնը»։ Տիկին Պայծիկ ամփոփ ներկայացուց թուրքին գործած մեծ ոճիրին հանգամանքներն ու հստակօրէն պարզեց անոր կանխամտածուած ու ցեղապաշտական գաղափարախօսութեան վրայ հիմնուած ըլլալը ըսելով ՙպատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով յանուն տիրական ազգի գաղափարին ազգ մը կ'արդարացնէր այլ ազգի մը բնաջնջումը։ Իր խօսքին վերջին բաժնով ան նշեց թէ հասած է ժամանակը որ միջազգային հանրային կարծիքը ճնշէ Թուրքիոյ վրայ որպէսզի ընդունի իր կատարած ոճիրը ու վերջ տայ ժխտողականութեան որու միջոցաւ ան կ'ուզէ շրջանցել հատուցման արդար իրավունքը հայութեան։ «Հայութեան գողգոթան մարդու անտարբերութիւնն էր մարդու նկատմամբ, մարդու անտարբերութիւնն էր գործադրուած ոճիրի մը նկատմամբ» ըսաւ ան։ Եզրակացնելով` մեծայարգ բանախօսը կոչ ուղեց փոխանցել ցեղասպանութեան հարազատ պատկերը նոր սերունդներուն, պայքարիլ մեր իրավունքներուն համար քանի մեր պայքարը արդարութեան համար է ու կառչած մնալ մեր արժէքներուն, մեր մշակոյթին, նոր յոյսերով ու նուաճումներով զօրացած մայր հայրենիք Հայաստանին, հաստատելով թէ միայն այս հաւատքով կը կարողանանք շարունակել մեր պայքարը հասնելու մեր իրավունքներու ու կերտելու հաւերժական Հայաստանը։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՀԿՄ «Քնար» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի ու դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանի, կատարելով 4 հայկական խմբերգեր. «Տէր կեցո դու զհայս», «Անդրանիկին», «Սուրբերու աչքերը» Ցեղասպանութեան նուիրուած այս նոր երգին կիթարի նուագակացութիւնը կատարեց Սարօ Սուվալեան եւ ի վերջոյ կատարուեցաւ «Կարմիր կակաչները» երգը։ Երեկոյի բակումը կատարեց գերաշնորհ Արմաշ եպս. Նալպանտեանը անգամ մը եւս հաստատելով թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 97-րդ ամեակի պատգամն է պահանջատիրութիւնը եւ թէ մեր դարաւոր պատմութիւնը ու հարուստ անցեալը մեզ կը պարտաւորեցնեն տէր կանգնելու մեր արդար իրավունքներուն ու այդ պահանջատիրութիւնը փոխանցելու գալիք սերունդներուն։ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, Տիկին Գալայճեաին ու դամասկահայ միութիւններուն որոնք միացեալ յանձնախումբի ընդմէջէն կազմակերպեցին տպաւորիչ յուշահանդէսը։ Հուսկ, Պահպանիչով ու Մայր Հայաստանի ազգային օրհներգով վերջ գտաւ երեկոն։