Հովանաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն, Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2007ին՝ կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին, Էշրեֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի բակին մէջ Ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչումներու շարքին տեղի ունեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ:
Արարողութեան ներկայ էին նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեան, երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի եւ Էտկար Մաալուֆ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահան Տէր Ղեւոնդեան, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, սկաուտներ, աշակերտներ ու ժողովրդային մեծաթիւ բազմութիւն:
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց մատուցեց Ս. Պատարագ որմէ ետք Հայկական Ցեղասպանութեան 92ամեակի պատգամը փոխանցեց հայր Ղեւոնդ վրդ. Քենտիրճեան: Նշենք, որ պատարագի երգեցողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Կաթողիկէ Միացեալ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:
Հայր Քենտիրճեան ըսաւ, որ համայն աշխարհը ականատես դարձաւ Հայկական Ցեղասպանութեան, բայց աշխարհին համար քարիւղը աւելի ծանր կշռեց մարդկային արիւնէն:
Պատգամաբեր վարդապետը շեշտեց, որ հայութիւնը պէտք է միմիայն վստահի իր հաւաքական ուժին եւ կամքին՝ աւելցնելով, որ արիւնարբու թշնամին չկրցաւ կասեցնել հայ հոգիին ընթացքը:
Հայր Ղեւոնդ վրդ. Քենտիրճեան հաստատեց, որ թրքական ոճիրը կը շարունակուի ու հայկական հողերը կը մնան գրաւուած՝ կոչ ուղղելով հայորդիներուն մնալու հայրենիքին ու հաւատքին պահակը:
Ապա հայր Քենտիրճեան ըսաւ, որ հայութիւնը պէտք է համախումբ աշխատի ու աչքերը սեւեռէ հայրենիքին: Խօսքի աւարտին Հայր Ղեւոնդ շեշտեց, որ Հայ Դատը անժամանցելի դատ մըն է:
Պատարագէն ետք ներկաները, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին, ուղղուեցան Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի բակին մէջ գտնուող Նահատակներու յուշակոթողին շուրջ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Արարողութենէն ետք Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանէն Երուանդ Էճիտեան ընթերցեց մեսրոպեանցի աշակերտներու կողմէ Տէր Զօրէն բերուած մասունքներուն մասին աշակերտութեան աշխատանքը շարունակելու պատրաստակամութեան կոչը, որմէ ետք նշեալ մասունքները միացան պատրիարքարանին մէջ զետեղուած մասունքներուն:
Ապրիլեան ոգեկոչման աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում: