Պէյրութ
Երկուշաբթի, 5 նոյեմբեր 2012-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր պապ Թէոտորոս Բ.ին, իր ընտրութեան առթիւ։ Նամակին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը յայտնէ իր եղբայրական ուրախութիւնը եւ յաջողութիւն կը մաղթէ Թէոտորոս Բ. նորընտիր պապին իր առաքելութեան մէջ, ի սպաս Եգիպտոսի Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի ընդհանուր բարիքին։