Պէյրութ
Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդին, այսօր, հինգշաբթի, 8 նոյեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 8-ին, Հ.Կ.Մ.-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300 ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ պրն. Վարդան Ադամեանի, հոգեւորականներու, արուեստագէտներու, լիբանանահայ երգիչներու, կրթական պատասխանատուներու ուուսուցիչներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը աշակերտական խորհուրդին անունով արտասանեց Մեղրի Չարըգեան, որ նշեց, թէ այս օրերուն հայ երիտասարդութիւնը օրըստօրէ կը հեռանայ հայ երգէն եւ գրեթէ ամբողջովին հեռացած է աշուղական երգարուեստէն, ինչ որ ցաւալի երեւոյթ է, քանի որ աշուղական երգը ներշնչման աղբիւր է եւ հոգիի ազնուացման միջոց: Չարըգեան յոյս յայտնեց, որ Մեսրոպեանի նորաստեղծ աշուղական համոյթը երիտասարդութեան եւ աշուղական երգի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատը կը քանդէ եւ աշուղական երգը լսելի կը դարձնէ բոլորին:
Ապա համոյթը երգեց «Քամանչա»ն, Ռիթա Գարամանուկեան նուագեց «Էլէկիա»ն եւ Քրիսթին Պէքարեանը մենակատարեց «Քանի վուր ճան իմ» երգը, որուն ասմունքով միացաւ Տեսիլ Քէշիշեան: Գարլ Տէմիրճեանի եւ Կարինէ Ներսէսեանի «Յիս քու ղիմէթն չի գիտի» զուգերգէն ետք, «Հաւասի» համոյթը երգեց «Ուստի կու գաս ղարիպ պլպուլ»ը:
Օրուան բանախօսն էր պրն. Զաքար Քէշիշեան, որ նշեց, թէ Սայաթ Նովան իր տաղանդով, իր նուիրումով եւ իր կեանքով կոչուեցաւ «Երգի որսորդ»: Բանախօսը ներկայացուց հայ աշուղներու պատմութիւնն ու մշակոյթին մէջ ունեցած իրենց ուրոյն դերը: Սայաթ Նովայի երաժշտական հարստութիւնը ներկայացնելէ ետք, պրն. Քէշիշեան ըսաւ, որ Սայաթ Նովան ամէնէն առաջ ինք իր անձին կ՚երգէր, իր զգացումները կ՚արտայայտէր, եւ այստեղ է, որ կը կայանայ իր արժէքը: Պրն. Զաքար Քէշիշեան հաստատեց, որ ամենայն հայոց աշուղը ոչ միայն հայկական առումով մեծ հարստութիւն է, այլ` համաարեւելեան երեւոյթ է: Գնահատելով Սայաթ Նովայի երգերուն կատարումը, պրն. Քէշիշեան շնորհաւորեց Մեսրոպեանի «Հաւասի» համոյթին ստեղծումը եւ մաղթեց յարատեւ վերելք:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ մասով Գառնիկ Փանոսեան մենակատարեց «Պլպուլի հիտ» երգը, որմէ ետք Մեսրոպեանի տուտուկի ուսուցիչ պրն. Յակոբ Գելուկեան նուագեց «Դու էն գլխէն» ստեղծագարծութիւնը, որմէ ետք Տեսիլ Քէշիշեան ասմունքեց «Մի խօսք ունիմ իլթի մազով»ը, որուն պրն. Գելուկեան ընկերակցեցաւ: Յաջորդ մեներգը «Պատկիրքդ ղալամով քաշած»ն էր, կատարողութեամբ Ժագ Քէշիշեանին, մինչ Պէթի Սուլեան մեներգեց «Դուն էն հուրին էս» երգը, որուն մենապարով ընկերակցեցաւ Կրասիա Վարդիվառ:
Աւարտին, խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ հաստատեց, թէ մէկ կողմէն սրահին մէջ «դատարկ աթոռի չգոյութիւնը» եւ միւս կողմէն «Հաւասի» աշուղական համոյթի բարձրորակ կատարումը յոյսեր կը ներշնչեն եւ կու գան հաստատելու, որ հայ աշուղական երգարուեստը ժառանգորդներ ունի ու երթը պիտի շարունակուի: Պրն. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց համոյթի գեղարուեստական պատասխանատու տիկին Գարմէն Աճէմեանին եւ արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեանին, որոնց կազմակերպուած, հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ համոյթը դարձաւ իրականութիւն:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Հաւասի» աշուղական համոյթի գեղարուեստական պատասխանատու տիկին Գարմէն Աճէմեանի «Թէկուզ քու քաշն մարգրիտ տան» երգի մենակատարումով: Երգին ընկերակցեցան աշուղական համոյթի երգչախումբի եւ նուագախումբի անդամները:
Մեսրոպեան վարժարանի նորաստեղծ «Հաւասի» աշուղական համոյթը Սայաթ Նովայի նուիրուած այս հանդիսութեամբ, իր իւրայատուկ, եզակի եւ անդրանիկ կատարումով պաշտօնապէս սկսաւ իր գործունէութեան:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ