Հինգշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2010 - Հաղորդագրութիւն - սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոն

Պէյրութ, Լիբանան

 

Հայաստանի կրթութեան ազգային ինստիտուտը “Հայ մանկավարժ”ը կ’երաշխաւորէ որպէս մեթոտական օգնութիւն` Սփիւռքի հայ դպրոցներուն:

 

Հայաստանի հանրապետութեան Կրթութեան ազգային ինստիտուտի տնօրէն պրն. Նորայր Ղուկասեան յայտնեց, որ  նշեալ ինստիտուտի մասնագէտներուն կարծիքով, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի հրատարակած “Հայ մանկավարժ” պարբերաթերթի առաջին համարին մէջ զետեղուած նիւթերը ունին ուսումնագիտական եւ մեթոտական բաւարար մակարդակ, եւ առ այդ,  հանդէսը կարելի է երաշխաւորել որպէս մեթոտական օգնութիւն` Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն:

“Հայ մանկավարժ”ի  մասին Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցած հարցումին պատասխանելով, պրն. Ղուկասեան պաշտօնական նամակով մը նախարարութեան յայտնեց, որ սոյն եզրակացութիւնը կատարուած է ներկայացուած համարը մասնագէտներու զանազան խումբերու կողմէ փորձաքննութեան ենթարկուելէ ետք:

“Հայ մանկավարժ” հանդէսի գլխաւոր խմբագիր հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան գոհունակութիւն արտայայտեց կրթութեան ազգային ինստիտուտի եզրակացութեան համար եւ  յոյս յայտնեց, որ եզրակացութիւնը քաջալեր կը հանդիսանայ “Հայ մանկավարժ”ի գործունէութեան զարգացման: Ան սոյն իրադարձութիւնը համարեց “Հայ մանկավարժ”ի եւ Հայաստանի կրթական եւ պետական մարմիններուն հետ գործակցութեան կայացած օրինակ:

Նշենք, որ Կրթութեան ազգային ինստիտուտը կրթական հրատարակութիւններու եւ այլ ձեռնարկներու վերահսկողութեան բարձրագոյն մասնագիտական մարմինն է Հայաստանի մէջ, որ կը գործէ Կրթութեան նախարարութեան կառոյցին մէջ:

 

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոն

Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ