Ուրբաթ, 17 Ապրիլ 2009 - Երեսփոխան Միշէլ Ֆարուուն Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Լիբանան

 
Հինգշաբթի 16 Ապրիլ 2009-ին, երեսփոխան Միշէլ Ֆարուն այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ պատրիարքական փոխանորդ՝ Արհի. Վարդան եպս.Աշգարեան եւ Թեմի Օգնական եպիսկոպոս՝ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան:

Խօսակցութեան առանցքը կազմեց Լիբանանը, յատկապէս երեսփոխանական նախընտրական այս շրջանին: Քննարկումի նիւթ դարձաւ երկրէն ներս տիրող ընդհանուր կացութիւնը, որուն գծով երեսփոխանը իր տեսակէտները պարզեց, ինչպէս նաեւ դիրքորոշումը՝ յառաջիկայ ընտրութեանց առնչութեամբ:
 
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց երկրին ներքին միասնականութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը, մաղթելով որ ընտրութիւնները տեղի ունենան փոխադարձ յարգանքի ու հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ