Հռոմ
Կայքէջս յապաղումով կը տեղեկացնէ թէ ծայրագոյն վարդապետ եւ փրոֆ. հայր Պօղոս Լեւոն Զէքիյան (Վենետիկի Գա ֆոսքարի համալսարանէն), եւ փրոֆ. Կապրիէլլա Ուլուհոճեան (Պոլոնիայի -Իտալիա- համալսարանէն), որոնք հեղինակութիւն են հայ մշակոյթի ոլորտին մէջ եւ բազմաթիւ հատորներու հեղինակներ, փետրուարի 12-ին (2011) ժամը 18.30-ին պարգեւատրուեցան Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիամ Սարոյեան» շքանշանով, հայ գրականութեան պատմութեան ու մշակոյթի ի նպաստ իրենց բերած մեծ ներդրումին համար։
Շքանշանի տուչութիւնը կատարեց Հռոմի դեսպանատան մէջ Իտալիոյ մօտ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան վսեմաշուք տիար Ռուբէն Կարապետեանը:
Կայքէջիս անձնակազմը կը շնորհաւորէ Զէքիյան ծ. վարդապետը, ինչպէս նաեւ փրոֆ. Ուլուհոճեանը, եւ Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցիչները այս պարգեւատրումին համար:
http://www.telepacearmenia.it/video.php?x=005-Varie/TPArmenia491.flv.