Հայ Գիրերուն Գիւտը
Օտար ծէսերուն հայացումը կամ ասորական ազդեցութենէն յունական ազդեցութիւն անցքը՝ արդիւնքն է Ս. Սահակ Պարթեւին (387-436) եւ Մեսրոպ Մաշտոցին (351-436) կատարած յեղաշրջումին եւ ներդրումին Հայ Ծէսի կերտումին մէջ: Հայոց Եկեղեցիին կողմէ այս դարձը կատարուեցաւ երբ ան Երուսաղէմի Եկեղեցիին Տօնացոյցը եւ Ճաշոցը որդեգրեց: Ան լեզուով յունական էր եւ տօնակատարութեամբ՝ սաղիմական:
Հայոց Գիրերու նախախնամական Գիւտին արժանիքէն բացի, Սահակ Մեսրոպի վերապահուած է նաեւ Հայ Ծէսին ու պաշտամունքին, հայ Պատարագամատոյցին, Ժամասացութեան, Տօնացոյցին եւ Մաշտոցին արարիչները հանդիսանալու պատիւը: Այս հայրապետները զանոնք «ի յունական բարբառոյ ի հայերէն թարգմանեալ» ( ՍՈՓ. ժա. 17), մեր պայմաններուն յարմարցուցին: Մեր Ժամագիրքը իր ճակատին վրայ կը կրէ՝ «Արարեալ սրբոց թարգմանչացն մերոց Սահակայ եւ Մեսրոպայ»:
Դ. դարուն, Սահակ Մեսրոպ հրապուրուած Քրիստոսի շունչով սրբագործուած Երուսաղէմի վարկէն, աշխարհի անդրանիկ Եկեղեցին ըլլալու անոր հանգամանքէն, անոր սրբավայրերուն ու ուխտատեղիներուն բուրումէն, նաեւ հովուական պատճառներով որոշեցին Երուսաղեմի Եկեղեցիին ճաշոցն ու տօնացոյցը որդեգրել: Երուսաղէմի Եկեղեցիին նոյն յունարէն ճաշոցը իր ազդեցութիւնը գործած էր նաեւ Արեւելեան միւս ծէսի ճաշոցներուն՝ ինչպէս բիւզանդականին, ասորականին, ղպտականին վրայ: Ճաշոցէն եւ Տօնացոյցէն զատ, հայ պատարագն ու հայ ժամասացութիւնն ալ ծնունդ առին Երուսաղեմի Եկեղեցիէն: Ս. Քաղաքին ասորական Եկեղեցւոյ մօտ եւս վայելած նոյն գերազանց վարկը կարելի դարձուց, որ հայերը առանց շատ մեծ դժուարութեան ասորական ծէսը փոխանակեն յունական ծէսով:
Դ. դարուն՝ Լուսաւորչէն սկսեալ, բազմաթիւ հայրապետներ եւ վարդապետներ իրարու յաջորդելով՝ սատարեցին Հայ Ծէսին ստեղծումին, յարմարեցումին, կազմաւորումին եւ զարգացումին, ոմանք Պատարագի, ուրիշներ Ժամասացութեան, ուրիշներ Ծիսարանի եւ Տօնացոյցի, ուրիշներ շարականի ու երգեցողութեան մարզերէն ներս: Մասնաւորաբար 5-րդ դարուն, Հայոց Գրի Գիւտէն ետք եւ Աստուածաշունչի հայացումին հետ զուգընթաց, ծէսը սկսաւ հայերէնով կատարուիլ: Նախ թարգմանութեամբ եւ անմիջապէս անոր ընկերացող նոր մշակումով, շարականներու յօրինումով, աղօթքներու խմբագրումով, յատուկ դասաւորումով ծէսը դարձաւ հայատիպ: Ս. Սահակ Հայրապետ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ մանաւանդ Յովհան Մանդակունի եղան գլխաւոր ճարտարապետները հայ ծիսական դրութեան, թէ՛ խորհուրդներու եւ թէ՛ հասարակաց պաշտամունքի՝ ժամերգութիւններու կալուածներուն մէջ: