Երկուշաբթի, 26 Յունուար 2015 - 2015-ի ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 48-րդ օրուան պատգամի ներկայացում

 

Վատիկան

Ուրբաթ` 23 յունուար 2015-ի կէսօրին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի «Յովհաննէս Պօղոս Բ.» անուան սրահին մէջ ներկայացուեցաւ 2015-ի ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուայ պատգամը, որուն այս տարուայ նիւթն է «Հաղորդել Ընտանիքը` որպէս հանդիպումի առանձնաշնորհեալ միջավայր մը, սիրոյ ձրիութեան մէջ»։ Նիւթ մը որ ընտրուած է ի տես Ընտանիքի մասին անցեալ տարի գուրամուած արտակարագ եւ այս տարի գումարուելիք սովորական եպիսկոպոսական սիւնհոդոսներուն:

«Ընտանիքի անդամներուն միջեւ յարաբերութիւնները ներշնչուած են եւ առաջնորդուած «ձրիութեան» օրէնքէն, որ յարգելով եւ խթանելով իւրաքանչիւրի անհատական արժանապատուութիւնը որպէս միակ արժէքի հիմք, կը դառնայ սիրալիր ընդունելութիւն, հանդիպում եւ երկխօսութիւն, անշահախնդիր տրամադրութիւն, մեծահոգի ծառայութիւն, ու խոր զօրակցութիւն» գրած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. «Ֆամիլիարիս Քոնսորցիօ» իր առաքելական թուղթին մէջ։

Եկեղեցին այսօր եւս հրաւիրուած է սերտելու ձեւը ներկայացնելու համար ընտանիքը որպէս մեծ պարգեւ մը, բարի ու գեղեցիկ։ Թէեւ ներկայի իրականութիւնը մեծ խոչընդոտներու դիմաց կը դնէ ընտանիքը որ յաճախ թիրախ է սպառնալիքներու։

Ասոր համար ընկերային հաղորդամիջոցները եւս կանչուած են պատմելու «ընտանիքի առօրեան», որ շինծու երեւոյթ մը չէ, այս իսկական ապրումի խորդհդանիշ ուր չեն պակսիր խաչերը թէեւ Տէրը միշտ այնտեղ ներկայ է մեզ օգնելու ու յառաջ ընթանալու համար» յատնած էր Ֆրանչիսկոս Պապը։

Յայտնենք որ ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրը միակ օրն է հաստատուած Վատիկանեան Տիեզերական Բ. ժողովէն (Ինթէր Միրիֆիքա, 1963) եւ կը նշուի համայն աշխարհի մէջ Պենտեկոստէի նախորդող կիրակին` որ 2015-ին կը զուգադիպի 17 մայիսին։

Բնագիրը քաղուած է Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի կայքէջն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ