Լիբանան
4-րդ տարին ըլլալով, Կիրակի 24 Մայիս 2009ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտախումբի խորհուրդը եւ ծնողական յանձնախումբը կազմակերպած էին աւանդական տարեկան ուխտագնացութիւնը: Ս. Կոյս Մարիամի ամսուան առիթով, շուրջ 215 ուխտաւորներ մեկնեցան դէպի Տէր Ալ Գամարի եւ ՇուՖի սրբավայրերը: Սայիտադ Ալ Դալլէ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Պատարագ մատուցեց սկաուտախումբի հոգեւոր վարիչ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանը, հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի առընթերակայութեամբ:
Երեկոյեան շրջապտոյտի մասնակիցողները վերադարձան իրենց տուները գոհունակ սրտով եւ անմոռանալի յիշատակներով: