Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2012 - Սրբապատկերներու ցուցահանդէս Պէյրութի մէջ

Պէյրութ

Երեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէյրութի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մարկարիթա Փիլեքա Հիլալի սրբապատկերներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի, Չեխիոյ եւ Լեհաստանի դեսպաններուն, հոգեւորականներուն, քաղաքական գործիչներուն, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար արուեստասէր ու հաւատացեալ հասարակութեան:

Հանդիսութեան խօսք առին սոյն եկեղեցւոյ «Մշակութային հանդիպումներ» ընկերակցութեան անունով Աուտի Խորոզ, Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Թոմազ Նոկածիչ եւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, որ յայտնեց թէ սրբանկարները կ'արտայայտեն մարմնացեալ Աստուծոյն ներկայութիւնը մարդկային կեանքին մէջ, որպէսզի մարդկութիւնը մասնակցի աստուածային կեանքին:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 22 դեկտեմբեր 2012:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ